Նիսի մէջ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս ջուրերը դեռ չեն հանդարտիր…
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմի Նիսի ծուխին իրադարձութիւնները Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ վերստին օրակարգի վրայ են։ Օրինաւոր Ծխական խորհուրդը արդէն բոլոր պատրաստութիւնները տեսած է տաղաւարին առթիւ։ Տօնակատարութիւնները տեղի կ՚ունենան Հայ Առաքելական հաւատացեալներուն տրամադրուած ֆրանսական եկեղեցւոյ մէջ։ Արդարեւ, Նիսի հայկական եկեղեցին վերջին տարիներուն առգրաւուած է այժմ արդէն նախկին ծխական խորհուրդին կողմէ։ Այս վերջնոյն ընկերակցութիւնը ֆրանսական դատական մարմիններուն կողմէ զրկուած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անունը օգտագործելու հնարաւորութենէն։
Ամօթալի ու երկարատեւ այս խնդրին շուրջ մօտաւորապէս երկու տարուան ընթացքին յոյսի նշոյլներ ծագած էին՝ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանի թեմակալ առաջնորդ ընտրուելուն զուգահեռ։ Դժբախտաբար, օրինական հանգամանքէ զուրկ նախկին վարիչներուն կողմէ առգրաւուած հայկական եկեղեցւոյ մէջ այս շաբաթավերջին դարձեալ արարողութիւններ նախատեսուած են՝ կարգալոյծ հոգեւորականի մը կողմէ։
Վերջերս, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Նիսի Ծխական խորհուրդի ատենապետ Արթօ Օգսայեանը։ Վերջին տարիներուն ան ամրան արձակուրդի շրջանին կ՚այցելէ քաղաքս՝ քանի որ նախկին պոլսահայ մըն է։ Իր այցելութիւններուն ընթացքին Օգսայեան անպայման կը հանդիպի խմբագրատունս, ինչ որ առիթ կը հանդիսանայ Նիսի իրադարձութիւններու ամփոփման։
Նիսի նախկին ծխական խորհուրդի կազմն ու իր համախոհները վերջերս առած են հերթական ցաւալի քայլ մը։ Անոնք նոր դատ մը բացած են, որպէսզի հոգեւոր հովիւ Հայր Գրիգոր Խաչատրեան դատարկէ հովուատունը։ Թէեւ բուն հայկական եկեղեցւոյ շէնքը առգրաւուած է նախկին վարիչներուն կողմէ, սակայն հոգեւոր հովիւը կը շարունակէ օգտագործել հովուատունը։ Նիսի ապօրինի վարչայինները միջոց մը առաջ նոյն պահանջով բացած էին դատ մը, սակայն դատարանը տեղեկացուցած էր, որ լիազօրութիւն չունի քննարկելու այդպիսի հարց մը։ Հիմա նոյն ատեանին մօտ նոյն պահանջով նոր դատ մը բացուած է, որովհետեւ ընթացքին եղած են օրէնքի փոփոխութիւններ եւ այժմ այդ դատարանը ունի համապատասխան լիազօրութիւնները։ Նիսի նախկին վարչայինները կը պահանջեն, որ հոգեւոր հովիւը դատարկէ հովուատունը եւ 70 հազար եւրօ վճարէ որպէս հատուցում։ Յառաջիկայ Հոկտեմբերի 20-ին նախատեսուած է դատական նիստը։
Ատենապետ Արթօ Օգսայեանի խօսքերով, նոր առաջնորդի ընտրութեան զուգահեռ սկսած շփումները յոյսի նշոյլներ կու տային, սակայն հիմա այս նոր դատավարութիւնը դարձած է «պաղ տուշ» մը, «սառը ցնցուղ» մը իրենց համար։
Օգսայեանի փոխանցած բացատրութիւններով, նոր առաջնորդի պաշտօնի ձեռնարկման զուգահեռ Նիսի մէջ գործի լծուած են հաշտութեան խումբեր՝ չորսական հոգիէ բաղկացեալ։ Այդ խումբերէն մին կը ներկայացնէր այժմու օրինական ծխական խորհուրդը։ Անդամներէն երկուքը ընտրեալ ծխականներ են, իսկ միւս երկուքը՝ ծուխի պարզ անդամներ։ Նախկին ծխականներու խումբի չորս ներկայացուցիչներուն բոլորն ալ չընտրուած անդամներ են։ Դժբախտաբար այդ շփումները ներկայիս մատնուած են փակուղիի։ «Անոնց մէջ ալ կան մարդիկ, որոնք կողմնակից են հաշտութեան։ Բայց եւ այնպէս վարագոյրին ետեւը կանգնած են երկու դէմքեր, որոնք ամբողջ գործընթացը կը խանգարեն եւ այդ երկու հոգին պատճառ կը դառնայ մեր փոքր ծուխի պառակտման։ Մենք կ՚ըսենք, որ եկեղեցին ժողովուրդն է։ Իսկ իրենք կ՚ըսեն, որ եկեղեցին իրենց կը պատկանի։ Ժողովուրդը այլեւս յոգնած է», ըսաւ Օգսայեան։
Նիսի օրինական ծխական խորհուրդը հրաւէր ուղղած է, որպէսզի նախկին վարչայիններու խումբը միանայ իրենց ընկերակցութեան, սակայն անոնք մերժած են այդ հրաւէրը։ Ուրեմն, Ծխական խորհուրդը առաջարկեց հիմնել բոլորովին նոր ընկերակցութիւն մը եւ համախմբուիլ անոր հովանիին ներքեւ։ Օգսայեանի խօսքերով, այս ամբողջ գործընթացը հիմա մեռեալ կէտի մը վրայ է։ «Չենք խզած մեր կապերը, միջնորդներուն հետ շփում կը պահենք։ Մենք օր մը չենք փակած դուռը, բայց զիջումներն ալ սահման մը պէտք է ունենան։ Ժողովուրդը, գաղութը միացնելն է մեր նպատակը։ Խտրականութիւնը յաղթահարենք, որպէսզի ուժ մը, կշիռ մը ունենանք։ Զիրար թշնամի չնկատենք՝ որպէս հայ», ըսաւ Օգսայեան եւ աւելցուց, թէ հաշտութեան խումբերու անդամներուն միջեւ գոնէ մարդկային շփումները լաւ են, ինչ որ կը համարուի ձեռքբերում մը։ Մեր զրոյցին տեւողութեան Արթօ Օգսայեան բացատրեց, որ ամէն Կիրակի շուրջ քառասուն հաւատացեալներ կը մասնակցին իրենց կազմակերպած արարողութիւններուն, ինչ որ անանտեսելի թիւ մը չէ Նիսի նման փոքր ծուխի մը պարագային։ Իսկ նախկին վարչայինները իրենց կողմէ առգրաւուած հայկական եկեղեւցոյ շէնքին մէջ տարին հազիւ երեք-չորս անգամ արարողութիւն կը կազմակերպեն՝ կարգալոյծ հոգեւորականով։ Նախկին վարչայիններու խումբը ազդեցութեան պայքարի վերածած է նոյնիսկ 14 Յուլիսին Նիսի մէջ պատահած սարսափելի ահաբեկչութեան հայ զոհին յուղարկաւորութիւնը։ Անոնք քուլիսային աշխատանք տարած են, որպէսզի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունենայ իրենց կողմէ առգրաւուած, կարգալոյծ հոգեւորականներու իբր թէ ծիսակատարութիւններով սրբապղծուած եկեղեցւոյ մէջ։ Ընտանիքը տեղի չէ տուած այդ միջամտութիւններուն եւ նախընտրած է օրինաւոր ծուխի պատասխանատուներուն հետ կազմակերպել այդ յուղարկաւորութիւնը։ «Երեւակայեցէք, նախկին վարչայինները նոյնիսկ այդ յուղարկաւորութեան չմասնակցեցան», աւելցուց Օգսայեան ու ցաւ յայտնեց, թէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ անունը օգտագործելու իրաւունքէն զրկուած նախկին վարչայիններու ապօրինի խումբը դժբախտաբար հաւասարներու միջեւ շփում մը չի նախատեսեր այս ճգնաժամի կարգաւորման ճանապարհին։ Այդ խումբը կը փափաքի, որ բոլորը ստորադաս համարուին իր մօտ։ Ըստ Օգսայեանի, անոնք այս ընթացքը որդեգրած են՝ հակառակ անոր, որ հաւանական հաշտութենէ, միացումէ մը վերջ իրենք չունին նաեւ պաշտօններ զբաղեցնելու ձգտումը։ «Եթէ միւս կողմի երկխօսութեան կողմնակիցները կարենան ճնշել մնացեալներուն վրայ, ապա մենք պիտի ունենանք յոյսեր», նշեց Արթօ Օգսայեան եւ ընդգծեց, որ շուրջ վեց տարուան այս խնդիրը այլեւս ձանձրացուցած է բոլորը ու երկու կողմերն ալ ի զուր կը վճարեն փաստաբաններու համար։
Նախկին վարչայիններու խումբը միջոց մը առաջ նոյնիսկ պատրաստակամութիւն յայտնած էր ներողութիւն խնդրելու համար ներկայանալ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։ Վեհափառ Հայրապետը, սակայն, պատասխանած է՝ որ անհրաժեշտութիւն մը չկայ իրեն ներկայանալու համար։ Նախկին վարչայիններու խումբը պէտք է դրական ոգիով շփման մէջ անցնի Փարիզի հետ՝ տեղւոյն վրայ Ֆրանսահայոց Թեմի ղեկավարութեան հետ աշխատելով լուծելու համար խնդիրները։
Արթօ Օգսայեան կը նշէ, թէ նախկին վարչայինները մէկ կողմէ հաշտութեան փորձեր կը կատարեն Առաջնորդ Սրբազանին հետ, իսկ միւս կողմէ տակաւին կը շարունակեն հրաւիրել կարգալոյծ հոգեւորականներ։ Ըստ իր խօսքերուն, դժբախտաբար Փարիզի կեդրոնին եւ Նիսի ծուխին միջեւ ալ երբեմն կը յառաջանան թիւրիմացութիւններ։ «Առաջնորդ Սրբազանը մեզի կ՚ըսէ, թէ բան մը չէ խոստացած Նիսի նախկին վարիչներու խումբին, իսկ անոնք կը պնդեն, որ առաջնորդ սրբազանը խոստումներ տուած է իրենց։ Փարիզի եւ Նիսի նախկին վարիչներու խումբին միջեւ տեղի ունեցած թղթակցութիւններէն մենք տեղեակ չենք ըլլար։ Թէ՛ անձնական եւ թէ մեր փաստաբաններուն միջոցաւ եղած պահանջները կը մնան անպատասխան», դիտել կու տայ Օգսայեան։ Յառաջիկայ Սեպտեմբերին, ըստ Արթօ Օգսայեանի փոխանցած տեղեկութիւններուն, Նիսի տագնապին տեսանկիւնէն պիտի ապրուի նաեւ ուրիշ կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, յառաջիկայ Սեպտեմբերին ալ Նիսի տագնապին տեսակէտէ կը սպասուի կարեւոր իրադարձութեան մը։ Ֆրանսական դատական մարմինները Նիսի եկեղեցւոյ շէնքը առգրաւած նախկին վարչայիններու խումբը զրկած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ անունը օգտագործելու իրաւունքէն։ Այդ դատավճռի խախտման իւրաքանչիւր օրուան համար սահմանուած է 100 եւրօ արժողութեամբ տուգանք։ Նկատի ունենալով, որ այդ խումբը չի հնազանդիր սոյն դատավճռին՝ այժմ շուրջ 40 հազար եւրօ տուգանք վճարելու ստիպողութեան հետ դէմ յանդիման պիտի մնայ։ Այդ տուգանքը պիտի ստանայ Նիսի ծուխին օրինական վարչութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Արթօ Օգսայեանի։ Ըստ ֆրանսական դատական նախընթացներուն, դատավճռին հիման վրայ պատրաստուած գանձնման փաստաթուղթով մը պաշտօնեաներ պիտի ներկայանան եկեղեցին առգրաւած նախկին վարչայիններու խումբին եւ միջամտութիւն պիտի կատարեն՝ դատավճիռը ի կատար ածելու համար։
Օգսայեան դիտել կու տայ, թէ այդ խումբը միշտ կը գանգատի միջոցներ չունենալէ, սակայն ամէն ատեն կը յաջողի գումար ճարել՝ կարգալոյծ հոգեւորականը Նիս հրաւիրելու համար։ Այդ կարգալոյծին ճանապարհածախսն ու կեցութիւնը կը վճարուի եւ իրեն համար կը կատարուի յատկացում մը։ Բաց աստի, նախկին վարչութիւնը իր ձեռնարկներուն համար կը հրաւիրէ երգիչներ, կը կազմակերպէ ճաշկերոյթներ ու կը վարձէ փաստաբաններ։ Աւելի՛ն, Օգսայեան կը յիշեցնէ, որ միջոցներու սղութենէն կը գանգատի այս խումբը, որ անցեալի մէջ կը տնօրինէր եկեղեցապատկան կալուածներ։ Այդ խումբը միջոց մը առաջ ալ նոյն պաշտօնական դրութեան հիման վրայ 3500 եւրօ հատուցում մը վճարած էր օրինական Ծխական խորհուրդին։
Ըստ երեւոյթին, Նիսի ափին հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ջուրերը տեսանելի ապագային դժուար թէ հանդարտին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ