ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԾԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Մի­շըն Հիլ­զի «Ա­րա­րատ-Էս­քի­ճեան» թան­գա­րա­նի եւ Հայ­կա­կան գոր­գի ըն­կե­րակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Շա­բաթ, Օ­գոս­տո­սի 20-ին, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հայ­կա­կան գծագ­րուած եւ ե­կե­ղե­ցա­կան կտաւ­նե­րու նուի­րուած դա­սա­խօ­սու­թիւն մը, որ պի­տի հարս­տա­ցուի լու­սան­կար­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­մով։

Ա­րուես­տի այս իւ­րա­յա­տուկ ո­լոր­տի մաս­նա­գէտ Պերճ Աշ­ճեան պի­տի խօ­սի ընդ­հան­րա­պէս Հնդկաս­տա­նի մէջ տա­րա­ծուած այս կտաւ­նե­րուն մա­սին, ո­րոնց հայ­կա­կան տար­բե­րակ­նե­րը ի­րենց մէջ կը պա­րու­նա­կեն Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ, ինչ­պէս նաեւ հայ իշ­խան­նե­րու եւ հա­րուստ ա­ռեւտ­րա­կան­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րու պատ­մու­թեանց տուեալ­ներ։

Ձեռ­նար­կը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Ա­րա­րատ տան» «Շին» մա­տու­րին մէ­ջ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016