ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՈՐԵՒԷ ՆՈՐ ՆԱՄԱԿ ՉԷ ՈՒՂԱՐԿԱԾ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ
Եկեղեցական շրջանակները երէկ զարմանքով հետեւած էին այն լուրերուն, ըստ որոնց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան նոր նամակ մը ուղարկած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Հայկական բազմաթիւ լրասփիւռներ արձագանգ հանդիսացած էին այս իրադարձութեան։ Մենք եւս արձագանգ հանդիսացած էինք այդ իրադարձութեան։
Երէկ օրուան տեւողութեան շուտով յայտնի դարձաւ, որ նոր նամակի մը վերաբերեալ լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան։ Կանխաւ յայտնենք, որ Երուսաղէմի Պատրիարքը անարդար վերաբերումունքի ենթարկուած է՝ համացանցի վրայ տարածուած ապատեղեկատուութեան մը հետեւանքով։ Երէկ հասած հերքումներէն վերջ, այս առաւօտ հեռաձայնային կապ հաստատեցինք Երուսաղէմի Պատրիարքութեան Դիւանապետ Հայր Կորիւն Պաղտասարեանին հետ։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին դիւանապետ Հայր Սուրբը մեզի յայտնեց, թէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը որեւէ նամակ ուղարկած չէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին։ Ո՛չ Պատրիարքը, ո՛չ ալ Պատրիարքարանը տեղեկութիւն ունին նման նոր նամակի մը շուրջ։ Ըստ դիւանապետ Հայր Սուրբին, Նուրհան Պատրիարքին կողմէ նախապէս ուղարկուած երկու հին նամակներու բովանդակութենէն որոշ հատուածներու առանձնացմամբ ձեւաւորուած է կեղծ նամակ մը եւ համացանցի վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած՝ իբրեւ Երուսաղէմէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջիմածին ուղարկուած նոր նամակ։ Դիւանապետ Հայր Սուրբը աւելցուց, որ չեն գիտեր, թէ անհա՞տ մը կամ խումբ մը կանգնած է այս խնդրին ետեւը։
Այլ աղբիւրներ ալ տեղեկացուցին, որ այս կեղծ նամակը համացանցի վրայ տարածուած է վերջերս կարգալոյծ եղած կարգ մը եկեղեցականներու կողմէ։
Եկեղեցական
- 11/27/2024