ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ
Գաղտնիք մը չէ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները դրամատիրական երկիր մըն է, ուր կ՚իշխէ տանտէրն ու գործատէրը։ Միտքս պիտի պարզեմ իրական կեանքէ առնուած օրինակներով։
ՎԱՐՁՔԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ (LEASE)
1980 թուականին՝ մօրս զարմիկը 40.000 տոլար վճարելով գործատէրէ մը գնեց ինքնաշարժի վառելանիւթ վաճառող կայան մը (gas station), որ կը պատկանէր Շէլ ընկերութեան։
Հոս պէտք է նշել որ Շէլ ընկերութիւնը ոչ մէկ առընչութիւն ունէր փոխանակուած գումարին հետ։ Հողը ընկերութեան պատկանելով՝ ան երեք տարուան վարձքի պայմանագիր մը շնորհեց մօրս զարմիկին։
Գործը լաւ կ՚ընթանար, սակայն ոչ գոհացուցիչ կերպով՝ ըստ ընկերութեան։ Ընկերութիւնը կ՚ակնկալէր որոշ քանակի մը վառելանիւթի առուծախէն զատ՝ անիւներու, մարտկոցներու (battery) եւ ինքնաշարժի վերաբերեալ այլ իրերու սպառումը, որ շահ կ՚ապահովէ իրեն։
Խօսքը չերկարենք, երեք տարի վերջ՝ ընկերութիւնը որոշեց վարձքը չնորոգել եւ մօրաքրոջս զարմիկը վնասով դուրս եկաւ այս գործառնութենէն…
Նոյնը պատահեցաւ ընկերոջս, որ ունէր ճաշարան մը՝ շէնքի մը առաջին յարկին վրայ։ Ան նախաճաշ եւ ճաշ կը սպասարկէր շէնքի զանազան ընկերութեանց մէջ աշխատող պաշտօնեաներուն։ Աւելի քան տասնհինգ տարի գործելէ ետք, շէնքին տէրը որոշեց վարձքի պայմանագիրը չնորոգել։
Ընկերս ուզեց հասկնալ, թէ ինչ էր պատճառը, անոնք պատասխանեցին, թէ կ՚ուզէին, որ առողջապահական ուտելիք (health food) սպասարկուէր եւ վերջ։ Իր բոլոր տուած հաւաստիքը թէ կրնար ենթարկուէր իրենց պահանջքին, մնաց ապարդիւն եւ ան ճարահատ դուրս ելաւ՝ առանց որեւէ մէկ հատուցումի։
Աւելին՝ վէրքին վրայ աղ ցանելու պէս (adding injury to insult), խոհարարը իր վրայ դատ բացաւ առարկելով, որ զինք ակամայ գործէն արձակելով, ընտանիքին ապրուստին պատճառ դարձած էր…
Դրացիս ալ նոյն դժբախտ ճակատագրին ենթարկուեցաւ, երբ ոչ թէ իր վարձքը չնորոգեցին՝ այլ կրկնապատկեցին զայն։ Ան ժամացոյց նորոգելու խանութ մը ունէր մեծ շուկայի մը մէջ (shopping mall):
Բաւական տարի աշխատելէ եւ նոյնիսկ «Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթի մէջ լայն արձագանգ գտնելէ ետք՝ որպէս մասնագէտ, ստիպուեցաւ ուրիշ շուկայի մը մէջ խանութ բանալ եւ տեղափոխուիլ… այս է այստեղի դժբախտ իրավիճակը։
Դժբախտաբար նոյն այս դրութիւնը կը գործէ նաեւ բնակարաններու պարագային։ Տարիներ բնակելէ ետք տան մը մէջ, տանտէրը տունը պարպէ, կ՚ըսէ, որովհետեւ իր զաւակը պիտի բնակի հոն եւ վերջ։
ՎԱՐԴԱԳՈՅՆ ԹԵՐԹԻԿ (PINK SLIP)
Այս ալ ուրիշ տհաճ երեւոյթ մըն է հոս։ Հիմա խօսինք օրինակներով։
1980-ի Յուլիս ամիսէն սկսեալ կ՚աշխատէի երկրաչափական ընկերութեան մը մէջ՝ որպէս գիտաշխատող (technical writer): 1982-ի Յունուարին, մրցակից ընկերութեան մը կողմէ հրաւիրուեցայ աշխատելու նոյն մասնագիտութեամբ՝ սակայն աւելի լաւ վարձատրութեամբ։
Աւա՜ղ սակայն, այս նոր գործս երկար պիտի չտեւէր։ Արդարեւ, նոյն տարուան վերջաւորութեան՝ Նոր տարիէն տասնհինգ օր առաջ, ստացայ «Վարդագոյն Թերթիկ»ը։ Ընկերութիւնը տասնհինգ օրուան պայմանաժամով զիս գործէն կ՚արձակէր, առանց պատճառի։
Բայց այս «չարիքը» բարիքի դուռ մը բացաւ, երբ տասնութ ամիս անգործ մնալէ ետք միացայ Լոս Անճելըսի պետական դպրոցներու միացեալ ցանցին։ Հոն՝ ինն տարի որպէս ուսողութեան ուսուցիչ եւ տասնվեց տարի որպէս փոխ-տնօրէն աշխատելէ ետք, հանգստեան կոչուեցայ 2009-ի Յունիսին։
Գործէ արձակելը ընդունուած սովորութիւն է հոս, ի բաց առեալ այն գործերէն, որոնց պաշտօնեաները կը պատկանին «սենտիքա»ի մը (labor union):
Բարեկամս կ՚աշխատէր դրամատան մը մէջ որպէս հաշուապահ։ Տասնեօթ տարի հաւատարմաբար աշխատելէ ետք, ան «Վարդագոյն Թերթիկ»ը ստանալով՝ գործէն արձակուեցաւ։ Ուրիշ բարեկամ մը, աւելի քան քսան տարի աշխատելէ ետք՝ ապահովագրական անուանի ընկերութեան մը մէջ, «Վարդագոյն Թերթիկ»ը ստանալով՝ գործէն արձակուեցաւ։
Վերոյիշեալ երկու պարագաներուն ալ՝ հարցը ընկերութեան ապահովելիք նիւթական շահն է։ Այսինքն՝ երբ հին պաշտօնեան փոխառինուի նորով, ընկերութիւնը շատ աւելի նուազ ամսականով կը վարձատրէ զայն։ Ընկերութեան հոգը չէ երբեք, թէ գործէ արձակուած պաշտօնեան ընտանիքի տէր է եւ թէ ան ինչպէս պիտի հոգայ անոնց ապրուստը…:
Արդար ըլլալու համար, պէտք է աւելցնել, որ վերոյիշեալ բացասական երեւոյթներու կողքին՝ շատ մը դրական երեւոյթներ ալ կան ամերիկեան կենցաղին մէջ, զորս կը վայելենք օրն ի բուն։ Անակ որ պէտք չէ բոլորովին ապերախտ ըլլալ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Պէյրութ
Հարթակ
- 12/02/2024