«ԵՓՐԱՏԻ ՎԱՀԱՆ» ԿԱՄ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՆՈՐ ԴԵՐԸ
Այն ինչ, որ տեղի կ՚ունենայ Ճերապլուսի մէջ՝ սպասելի էր: Թրքական բանակի հրասայլերուն Սուրիան մտնելը եւ այդ քայլին դիմաց Մոսկուայի եւ Դամասկոսի կողմէ եղած փափուկ ոճով դատապարտումները կը խօսէին, այն մասին, թէ Սուրիոյ հակամարտութեան այս փուլին հիմնական դերակատարութիւն տրուած է Անգարային:
Շարք մը արաբ վերլուծաբաններու կարծիքով, Անգարա կը ներկայանայ՝ որպէս Միացեալ Նահանգներու «պատուիրան»ը կատարող կողմ, սակայն իրականութեան մէջ այդպէս չէ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի համար երկար ամիսներէ ի վեր կարեւորագոյն օրակարգ էր Թուրքիա-Սուրիա սահմանին ստեղծել ապահովական գօտի մը, որուն համար Անգարա պատրաստ էր զինուորական քայլեր կատարելու:
Այս բոլորէն անդին այդ «տարանցիկ գօտի»ի ստեղծումով Անգարա պիտի խզէր կապը քրդական այն ջոկատներուն, որոնք ներկայութիւն են Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանային աւաններուն մէջ:
Թրքական բանակի այս քայլը, ուրեմն, սովորական նեղ սահմանումներով առնուած քայլ մը չէր, այլ պտուղն էր երկար ամիսներու վրայ սերտուած ռազմավարութեան մը, որ կը սպասէր մանաւանդ Ուաշինկթընի «կանաչ լոյս»ին:
Այս ծիրին մէջ եթէ փորձենք ճիշդ դիտարկումներ ընել, կրնանք հասկնալ՝ որ Թուրքիոյ նախագահին Սեն Փեթերսպուրկ կատարած այցը եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ ունեցած հանդիպումը եւս կ՚արագացնէին այս գործընթացը: Մինչ այդ սուրիական բազում ճակատներու վրայ երեւելի անզօրութեան մատնուած Ամերիկայի գործընկերները ու մասնաւորապէս «չափաւորական» համարուած բոլոր խմբաւորումները գետին կորսնցնելով կը թուլացնէին ամերիկեան «ես»ը: Ու այդ բոլորին դիմաց Սպիտակ տան մեծագոյն մտահոգութիւնը մարմին կը ստանար, երբ Անգարա անսպասելի բայց արագ շարժումով մը կը նայէր դէպի հիւսիս ու մինչ այդ հակադարձ քննադատութիւններով եւ յաճախ սպառնալից խօսքերով լեցուն ամբողջ մթնոլորտ մը ջուրը թափելով՝ Էրտողան նոր էջ կը բանար Մոսկուայի հետ:
Այս բոլորը տեղի կ՚ունենային այն պահուն, երբ Սպիտակ տան սուրիական խաղաքարտ կրողները յայտնուած էին ընդհանուր յոգնութեան մը մէջ, որովհետեւ մինչ այդ շուրջ մէկ տարուան կեանք ունեցող ռուսական միջամտութեան մը դիմաց Սուրիոյ սիւննի շրջանակները եւ յատկապէս Ռիատի նիւթական հովանիով պատերազմող բոլոր խմբաւորումները կ՚ապրէին անակնկալի եկած ու այդ անակնկալին առջեւ մեծ ափսոսումներու դուռը ինկած պատերազմողի մը հոգեվիճակը: Ճիշդ է, որ իսլամական խմբաւորումները կը շարունակէին իրենց անզիջող կեցուածքներով հանդէս գալ եւ կռուիլ, բայց անոնք մեծ կորուստներ կ՚ունենային մասնաւորապէս Հալէպի հիւսիսային հատուածին մէջ, ուր միայն Օգոստոս ամսուան սկիզբը իրենց 800 զինեալները կը սպաննուէին: Ահա այս ընդհանուր իրավիճակին մէջ էր, որ Անգարա լաւ նախազգալով շրջանային մեծ պահուն ազդանշանները, կը հատէր Սուրիոյ սահմանը եւ մարտերուն յաջորդող առաջին ժամերուն թրքական քսան հրասայլեր կը տեղակայուէին Ճերապլուսի մէջ:
Այս բոլորէն անդին յստակ էր նաեւ, որ աշխարհին առջեւ իբրեւ սարսափազդու խմբաւորում մը ճանչցուած ԻՇԻՊ-ի (Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն) մեծաթիւ զինեալները կը հեռնային քաղաքէն: Թրքական բանակը լաւագոյնս կը կատարէր իր առջեւ դրած խնդիրը եւ կը շարունակէր «մաքրագործել» Ճերապլուս քաղաքի բոլոր հատուածները:
Զուգահեռաբար ԱՄՆ-ի Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն Անգարա հասնելով «բաց պատգամ» մը կը յղէր շրջանի քիւրտերուն՝ պահանջելով քաշուիլ դէպի Եփրատ գետի արեւելեան ափը եւ այնտեղ մնալով առիթ չտալ թրքական կողմին դիմելու յաւելեալ քայլերու: Այստեղ յստակ էր նաեւ, որ ամերիկացիներուն համար այսօր սուրիական ճակատներուն վրայ վստահելի մնացած միակ կողմը քիւրտերն են: Ու կարեւոր ալ չէ, թէ ի՛նչ անուանումներով անոնք կը մասնակցին այս պատերազմին:
Ճերապլուսի դէպքերը անմիջապէս Հասեքէի մէջ անցեալ շաբաթ պատահածներուն հետ կապելով՝ երեւելի կը դառնայ ամերիկեան կողմին համար քիւրտերուն հիմնական բանալի մը ըլլալու վարկածին ճշմարտացիութիւնը:
Բացի նիւթական եւ զինուորական մեծ օգնութիւններէ, քիւրտերը նոյնպէս որոշիչ դեր կը խաղան կտրելու համար այն ուժեղ օղակները, որոնք սկսած են կազմուիլ Սուրիոյ քարտէսին վրայ: Այս առումով է նաեւ, որ Հասեքէի մէջ եղածը պատահական չէր: Այդ քայլը կը միտէր ռուսական ամբողջ ուշադրութիւնը շեղել Հալէպէն եւ բացատրել, որ ամերիկեան ճիգերով երկրի զանազան շրջաններուն մէջ քիւրտերը կրնան ստեղծել տագնապի եւ արեան նոր «օճախ»ներ:
Հասեքէի «խաղ»ը կ՚աւարտէր հաւասար արդիւնքով: Մինչ քիւրտերուն կը շնորհուէր ներքին ինքնակառավարում ունենալու հիմնական կարգավիճակ մը, անդին շրջանին մէջ եղող եւ Սուրիոյ բանակի հովանիով գործող «Տիֆահ Շահպի»ի ջոկատներուն կը տրուէր ազատ տեղաշարժուելու իրաւունք:
Հասեքէի մէջ պատահած դէպքերը նաեւ նպատակ ունէին հարուած տալ նոր ձեւաւորուող Անգարա-Թեհրան-Մոսկուա համագործակցութեան, ինչ որ սակայն ռուսական արագ միջամտութեամբ կը ձախողէր:
Այսպէսով Ուաշինկթընի համար կը մնար մէկ յուսալի քայլ, որն էր վերստին խօսիլ Անգարայի հետ եւ ամէն գնով նոր խաղաքարտեր պատրաստելով մտածել վերափոխել ստեղծուած ամբողջ դրութիւնը: Նախ հարուածել ստեղծուած դաշինքը եւ ապա Անգարային բացատրել, որ քիւրտերու հիմնական բանալին կը գտնուի իրենց մօտ:
Այս բոլորէն բացի կար նաեւ իսլամական խմբաւորումներուն պարագան, որոնք նոյնպէս կարեւոր օղակ կը կազմեն այս պատերազմի ընդհանուր հաւասարակշռութեանց մէջ: Ու ատով մէկտեղ պէտք է լաւ հասկնալ ԻՇԻՊ-ի որդեգրած կեցուածքները եւ հերթաբար ճակատ փոխելու ու նոր ճակատներ ստեղծելու ռազմավարութիւնը:
Այստեղ քիչ մը եւս խորանալով յստակ կարելի է դիտարկել, որ եթէ թրքական ուժերը Ճերապլուս մուտք չգործէին, հետեւաբար Անգարա եւ Ուաշինկթըն իրարու հետ անկեղծ խօսելու փորձեր չընէին (բան մը, որ եղաւ Պայտընի այցելութեամբ) ու այդպէս շատ հաւանական էր, որ իսլամական խմբաւորումները (մասնաւորաբար ԻՇԻՊ) իրենց հրացանի ուղղութիւնը փոխելով ահաբեկչական մեծ հարուածներ կրնային կատարել Թուրքիոյ մէջ: Այս մօտեցումը ամրագրելու ամենէն վառ ապացոյցն էր՝ Կազիանթէպի մէջ պատահած ահաբեկչկան մեծ պայթումը, որուն պատճառով կը զոհուէին տասնեակ անզէն քաղաքացիներ:
Ուրեմն այս բոլորէն ետք յստակ կը դառնայ, որ Ճերապլուսի մէջ սկիզբ առած գործընթացը միայն Թուրքիոյ շահերուն տեսակէտէ նպաստաւոր չէ:
Նոր ձեւափոխումներու լոյսին տակ Անգարա կը դառնայ շրջանին մէջ «միջնորդ»ի դեր կատարող կարեւոր ուժ մը եւ անոր միջոցով է, որ ամերիկեան մօտեցումները պիտի փոխանցուին սուրիական գետնի միւս կողմերուն, այսինք՝ ռուսերուն, իրանցիներուն եւ նոյնիսկ Դամասկոսին:
Ինչ որ կը կատարուի ներկայիս՝ գետնի վրայ շատ աւելի թելադրական մղումներ ունենալու շեշտը ունի: Ինչ, որ կ՚ըլլայ զինուորական հարթութեամբ՝ շատ աւելի կ՚արագացնէ սեղանին վրայ բանակցութիւններ յառաջ մղելու ընտրանքը: Ու Ճերապլուսի այս դէպքերը պէտք է դիտարկուին նաեւ սոյն պատուհանէն:
Իսկ ինչ կը վերաբերի քիւրտերուն, ու մանաւանդ Սուրիոյ ներքին պատերազմին մասնակից քրդական խմբաւորումներուն՝ յստակ է, որ անոնք որեւէ սխալ որոշումի մը պարագային կրնան երթալ թնդանօթի բերան: Ի վերջոյ քաղաքական ընդհանուր շահերու թելադրութեամբ կատարուող գործընթացները այսօր ալ ցոյց կու տան, որ տարածքաշրջանային հարցերուն մէջ իրենց ուրոյն տեսակէտը ունեցող բոլոր կողմերը դէմ են՝ Թուրքիոյ սահմաններուն քով քրդական պետութեան մը ստեղծուելուն։
Այս առումով է նաեւ, որ պահու թելադրութենէն մղուած Դամասկոս (միշտ Մոսկուայի հաւանութեամբ) Թուրքիոյ դրօշներով Ճերապլուս հասած հրասայլերուն երեւումը կը համարէ ո՛չ միայն կարեւոր, այլ անհրաժեշտութիւն դարձած միջամտութիւն մը:
Կը մնայ յուսալ, որ Անգարային վստահուած այս նոր դերը լաւագոյնս օգտագործուի Սուրինոյ առկայ խնդիրը ռազմի դաշտերէն՝ Ժընեւի բանակցային սեղան փոխադրելու համար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 12/02/2024