ԶԱՐԱՔՈԼՈՒ ԵՒ ԱՔՉԱՄ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻ ՄԸ

Փա­րի­զի մէջ, Մար­տի 25-28-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ գի­տա­ժո­ղով մը՝ Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ։ «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ Ա­ռա­ջին հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ. 1915-2015 հե­տա­զօ­տու­թեան հա­րիւր տա­րի» խո­րագ­րուած է այս գի­տա­ժո­ղո­վը, ո­րու շրջագ­ծով նա­խա­տե­սուած աշ­խա­տան­քը պի­տի տե­ւէ չորս օր։

Սոր­պո­նի հա­մալ­սա­րա­նի եր­դի­քին տակ պի­տի կա­տա­րուի գի­տա­ժո­ղո­վի բա­ցու­մը, ո­րու ըն­թաց­քին Ֆրան­սուա Օ­լան­տի պատ­գա­մը պի­տի փո­խան­ցէ Ֆրան­սա­յի ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րա­րը։ Յա­ջոր­դե­լիք քննար­կում­նե­րը նա­խա­տե­սուած են զա­նա­զան վայ­րե­րու մէջ. օ­րի­նակ՝ Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին գրա­դա­րա­նը, Փա­րի­զի Հրէից ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նը ե­ւայլն։

Ծրագ­րին շրջագ­ծով ե­լոյթ­ներ պի­տի ու­նե­նան բազ­մա­թիւ պատ­մա­բան­ներ, մաս­նա­գէտ­ներ եւ ցե­ղաս­պա­նա­գէտ­ներ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, գի­տա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի բե­րեն նաեւ Ռա­կըփ Զա­րա­քո­լու եւ Թա­նէր Աք­չամ։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2015