ՓՈԽԱՆՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿՐՃԱՏՈՒՄ

Այս տա­րուան Յու­նուա­րին էա­պէս նուա­զած են Հա­յաս­տան կա­տա­րուած մաս­նա­ւոր դրա­մա­կան փո­խան­ցում­նե­րը։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տան տուեալ­նե­րով, այս տա­րի Յու­նուա­րին ան­ցեալ տա­րուան բաղ­դատ­մամբ Հա­յաս­տան հա­սած ընդ­հա­նուր փո­խան­ցում­նե­րը կրճա­տուած են 41.08 տո­կո­սով։ Ան­ցեալ տա­րի Յու­նուա­րին 122 մի­լիոն 506 հա­զար տո­լար մուտք գոր­ծած էր Հա­յաս­տան, իսկ այս տա­րի այդ գու­մա­րը կազ­մած է 72 մի­լիոն 169 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լար։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ա­ռանձ­նա­պէս ու­շագ­րաւ է Ռու­սաս­տա­նէն կա­տա­րուած փո­խան­ցում­նե­րուն անկ­ման հա­մե­մա­տու­թիւ­նը, որ կը հաս­նի 56.01 առ հա­րիւ­րի։ 2014-ի Յու­նուա­րին 87 մի­լիոն 243 հա­զար տո­լար ու­ղար­կուած էր Ռու­սաս­տա­նէն դէ­պի Հա­յաս­տան, իսկ այս տա­րի այդ գու­մա­րը ե­ղած է միայն 38 մի­լիոն 371 հա­զար տո­լար։

Հա­յաս­տա­նի ար­ժոյ­թի ա­մե­նա­մեծ հոս­քը կ՚ա­պա­հո­վուի ան­հատ­նե­րու դրա­մա­կան փո­խան­ցում­նե­րուն մի­ջո­ցաւ։ 2014 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի ամ­բողջ ար­տա­հա­նու­մը կազ­մեց 1 մի­լիառ 519 հա­զար տո­լար։ Ա­սոր փո­խա­րէն, դէ­պի Հա­յաս­տան կա­տա­րուած փո­խան­ցում­նե­րը կազ­մած են 2 մի­լիառ 123 մի­լիոն տո­լար։ Այս ցու­ցա­նիշ­նե­րը ար­ձա­նագ­րուած են այն պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, որ 2014 թուա­կա­նին փո­խան­ցում­նե­րը ար­դէն 7.7 տո­կո­սով նուա­զած էին 2013-ի բաղ­դատ­մամբ։

Տնտե­սա­կան մեկ­նա­բան Ա­րա Գա­լո­յեա­նի խօս­քե­րով, այս տա­րի սպա­սուող տնտե­սա­կան հա­մեստ ցու­ցա­նիշ­նե­րու եւ դրա­մա­կան փո­խան­ցում­նե­րու նման կրճատ­ման հե­տե­ւան­քով Հա­յաս­տա­նի մէջ աղ­քա­տու­թիւ­նը պի­տի ա­ւել­նայ։ Մեկ­նա­բա­նը բա­ցա­սա­կան գոր­ծօն­նե­րու մա­սին թուար­կեց այն հան­գա­ման­քը, որ ան­ցեալ տա­րե­վեր­ջին ռու­սա­կան ռուբ­լին ա­ւե­լի շատ ար­ժեզր­կուե­ցաւ՝ հայ­կա­կան դրա­մին բաղ­դատ­մամբ։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ դէ­պի Ռու­սաս­տան ար­տա­ծուող ապ­րանք­նե­րը սղե­ցին։ Ցարդ գի­նե­գործ­նե­րը ար­դէն յայ­տա­րա­րած էին, որ հայ­կա­կան գի­նին եւ քո­նիա­քը ռու­սա­կան շու­կա­յէն ներս նկա­տե­լիօ­րէն սղած են, ուս­տի շատ ա­ւե­լի նուազ կը վա­ճա­ռուին։ Այ­սինքն, նոյ­նիսկ ա­ւան­դա­բար Ռու­սաս­տան ա­ռա­քուող հայ­կա­կան ապ­րանք­նե­րու ար­տած­ման պա­րա­գա­յին կրնան խնդիր­ներ յա­ռա­ջա­նալ։

Հա­յաս­տան տա­րե­մու­տի դրու­թեամբ տնտե­սա­կան տե­սան­կիւ­նէն կը դի­մագ­րա­ւէ լուրջ բար­դու­թիւն­ներ։ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տան կող­մէ հրա­պա­րա­կուած կան­խա­տե­սում­նե­րու, տնտե­սա­կան ա­ճի վե­րա­բե­րեալ են­թադ­րու­թիւն­նե­րու տուեալ­ներն ալ կը բո­վան­դա­կեն ակ­նե­րեւ հա­կա­սու­թիւն­ներ, ինչ որ իր հեր­թին կու գայ վե­րա­հաս­տա­տել ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կին լրջու­թիւ­նը

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2015