Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԱԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՔԱԹԱՐ
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ դէպի Քուէյթ։ Աբրահամեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը հանդիպումներ կ՚ունենայ Քուէյթի պետութեան Էմիր Սապահ Էլ Ահմէտ Էլ Ճապէր Էլ Սապահի, Խորհրդարանի նախագահ Մարզուք Էլ Ղանինի, Վարչապետ Ճապէր Էլ Մուպարէք Էլ Համիտ Էլ Սապահի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով Յովիկ Աբրահամեան հանդիպումներ կ՚ունենայ նաեւ Քուէյթի Ներդրումային գործակալութեան, Առեւտրաարդիւնաբերական պալատի եւ Քուէյթի Հիմնարկի ղեկավարութեան հետ։ Իր կեցութեան օրերուն Յովիկ Աբրահամեան կը մէկտեղուի նաեւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2015