ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԳՀԽ-Ի ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ գլխա­ւո­րուած Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յիս կը գտնուին Ար­ցա­խի մէջ։ «Ար­մէն­փրէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Բա­կօ Սա­հա­կեան ող­ջու­նեց Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի ժո­ղո­վին Ար­ցա­խի մէջ կազ­մա­կեր­պու­մը։ Ան ընդգ­ծեց Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ կա­րե­ւո­րա­գոյն դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան ստեղծ­ման, կա­յաց­ման ու զօ­րաց­ման, Հա­յաս­տան-Ար­ցախ-Սփիւռք ե­ռա­միաս­նու­թեան շա­րու­նա­կա­կան ամ­րապնդ­ման, հայ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան եւ ար­ժէք­նե­րու պահ­պան­ման ա­ռու­մով։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2016