ԳՀԽ-Ի ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի բարձր նա­խա­գա­հու­թեամբ, ե­րէկ, Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ սկսաւ Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) հեր­թա­կան ժո­ղո­վը։ Բաց­ման նիս­տին Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ԳՀԽ­-ի հո­գե­ւո­րա­կան եւ աշ­խար­հա­կան ան­դամ­նե­րուն փո­խան­ցեց իր հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թիւնն ու պատ­գա­մը։ Ան բարձր գնա­հա­տեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեանն ու Ար­ցա­խի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Պար­գեւ Արք. Մար­տի­րո­սեա­նը, ո­րոնք Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կի տօ­նախմբ­ման ներ­կայ օ­րե­րուն հրա­ւէր ուղ­ղե­ցին, որ­պէս­զի Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի ժո­ղո­վը գու­մա­րուի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը կա­րե­ւո­րեց ԳՀԽ­-ի ժո­ղով­նե­րը պար­բե­րա­կան գու­մա­րու­մը հա­յոց զա­նա­զան թե­մե­րէն ներս, ինչ որ խան­դա­վա­ռու­թիւն եւ հո­գե­ւոր կեան­քի զօ­րաց­ման մեծ խթան մը կը հա­մա­րուի հա­մայնք­նե­րուն հա­մար։

«Ար­ցախ աշ­խարհ այս այ­ցը ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն մըն է մե­զի հա­մար. հող մը, ուր ամ­փո­փուած են մեր նախ­նեաց յի­շա­տակ­նե­րը, ուր կը գտնուին բա­զում սրբա­վայ­րեր։ Ե­կած ենք մեր խո­նար­հու­մը բե­րե­լու, ծնրադ­րե­լու նուի­րա­կան այդ սրբա­վայ­րե­րուն մէջ եւ առ Աս­տուած մեր ա­ղօթ­քը բարձ­րաց­նե­լու՝ Ար­ցա­խի ա­պա­հո­վու­թեան եւ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան բա­րօր կեան­քին հա­մար», ը­սաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ ընդգ­ծեց, որ Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցին աշ­խար­հաս­փիւռ իր թե­մե­րով ու հա­մայնք­նե­րով միշտ ե­ղած է եւ կը մնայ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան կող­քին, ա­ջա­կից եւ զօ­րա­կից Ար­ցա­խին՝ իր ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծին մէջ։

Նո­րին Սրբու­թիւ­նը այս կա­պակ­ցու­թեամբ տե­ղե­կա­ցուց, որ Սուրբ Էջ­միած­նի եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան թե­մե­րուն ա­նու­նով Մայր Ա­թո­ռը վերըս-տին 500 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լար գու­մար կը փո­խան­ցէ Ար­ցա­խին՝ նպաս­տե­լու հա­մար ար­ցա­խա­հա­յու­թեան կա­րիք­նե­րու դի­մագ­րաւ­ման։ Հա­յոց Հայ­րա­պե­տը ա­ղօթ­քով մաղ­թեց, որ Աս­տուած իր Սուրբ Ա­ջի հո­վա­նիին ներ­քեւ խա­ղա­ղու­թեան մէջ պա­հէ Ար­ցախ աշ­խար­հը եւ բա­րօր ու անվր­դով կեանք պար­գե­ւէ ա­նոր քա­ջա­րի ժո­ղո­վուր­դին։

Անդ­րա­դառ­նա­լով ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գին՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը նշեց, որ քննար­կուե­լիք խնդիր­նե­րը մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նին Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ւոյ ժո­ղո­վա­կան կա­ռոյց­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան կա­նո­նա­կարգ­ման, ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թեան ար­դիւ­նա­ւէտ կազ­մա­կերպ­ման եւ յա­ռա­ջըն­թա­ցին հա­մար։ Այս առ­թիւ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը գնա­հա­տեց ԳՀԽ­-ի ան­դամ­նե­րուն նուի­րումն ու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը՝ մաղ­թե­լով ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տանք։

Մինչ օ­րա­կար­գի հար­ցե­րու քննարկ­ման ձեռ­նար­կե­լը՝ ժո­ղո­վա­կան­նե­րը ա­ղօթք բարձ­րա­ցու­ցին ԳՀԽ­-ի վա­ղա­մե­ռիկ ան­դամ հան­գու­ցեալ Ալ­պեր­թօ Ճէ­րէ­ճեա­նի (Ար­ժան­թին) հոգ­ւոյն հանգս­տու­թեան հա­մար։

Ե­ռօ­րեայ նստաշր­ջա­նին շրջագ­ծով կը քննար­կուին Ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղո­վի, ԳՀԽ­-ի կա­նո­նադ­րու­թիւն­նե­րու մշակ­ման, Ե­կե­ղե­ցա­կան-ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղո­վի կա­նո­նադ­րու­թեան լրամ­շակ­ման ըն­թաց­քին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Կը ներ­կա­յա­ցուին նաեւ զե­կոյց­ներ ե­կե­ղե­ցա­կան կա­ռոյց­նե­րու եւ թե­մե­րու գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռըն­չու­թեամբ։

Միւս կող­մէ, նոյն­պէս ե­րէկ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետն ու ԳՀԽ­-ի ան­դամ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի զօ­րա­մա­սե­րէն մին, ուր հան­դի­պում մը ու­նե­ցան հրա­մա­նա­տա­րա­կան կազ­մի եւ զի­նուոր­նե­րու հետ։ Զօ­րա­մա­սէն ներս Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետն ու ԳՀԽ­-ի ան­դամ­նե­րը դի­մա­ւո­րուե­ցան ու բա­րի­գալս­տեան խօս­քով ող­ջու­նուե­ցան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար զօ­րա­վար Լե­ւոն Մնա­ցա­կա­նեա­նի կող­մէ։ Այ­նու­հե­տեւ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը շա­րուած զօր­քին բաշ­խեց իր հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թիւ­նը։ «Պահ­պա­նիչ» ա­ղօթ­քէն յե­տոյ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը զի­նուոր­նե­րուն փո­խան­ցեց իր պատ­գա­մը՝ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նե­լով դէ­պի Ար­ցախ իր այ­ցե­լու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի զի­ն-ւոր­նե­րու եւ զօ­րահ­րա­մա­նա­տար­նե­րու հետ հան­դիպ­ման հնա­րա­ւո­րու­թեան հա­մար։ «Ե­կած ենք մեր գնա­հա­տան­քը եւ սէ­րը ար­տա­յայ­տե­լու ձե­զի, նաեւ բե­րե­լու ձեզի մեր խո­նար­հու­մը, ձեր ի­րա­գոր­ծած սխրանք­նե­րուն հա­մար, ո­րոնց մենք ա­կա­նա­տես ե­ղանք ան­ցեալ Ապ­րի­լի պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն, թէ ինչ­պի­սի քա­ջազ­նու­թեամբ դուք կա­սե­ցու­ցիք Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րու յար­ձա­կու­մը, ետ մղե­ցիք զա­նոնք մեր սահ­ման­նե­րէն։ Մեր խո­նար­հու­մը կը բե­րենք քա­ջա­րի զի­նուոր­նե­րուն՝ մեր ազ­գի հե­րոս զա­ւակ­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց կեան­քով այդ օ­րե­րուն պաշտ­պա­նե­ցին մեր հայ­րե­նի­քը։ Թող երկն­քէն միշտ լոյս եւ օրհ­նու­թիւն իջ­նէ ա­նոնց շի­րիմ­նե­րուն։ Փա՛ռք ձեզ, հա­յոց բա­նա­կի քա­ջա­րի մար­տիկ­ներ։ Վերս­տին, փա՛ռք ձեր ըն­կեր­նե­րուն, ո­րոնք կը հանգ­չին Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի նուի­րա­կան ու սուրբ հո­ղին մէջ», ը­սաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը։

Նշե­լով, որ հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը սրբա­զան ծա­ռա­յու­թիւն մըն է ազ­գի իւ­րա­քան­չիւր զաւ­կին հա­մար՝ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը կա­րե­ւո­րեց հա­ւա­տի զօ­րա­ցու­մը։ «Հա­ւա­տով է, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը տա­րած է իր պատ­մու­թեան բո­լոր յաղ­թա­նակ­նե­րը՝ Վար­դա­նանց պա­տե­րազ­մէն սկսեալ մին­չեւ Ար­ցախ։ Ար­ցա­խի մէջ Ապ­րի­լի պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն մեր զի­նուոր­նե­րուն մօտ մենք տե­սանք այդ զօ­րեղ հա­ւա­տի ճա­ռա­գու­մը։ Շնոր­հիւ յաղ­թա­կան ո­գիի եւ հա­ւա­տի մեր զի­նուոր­նե­րը կա­րո­ղա­ցան յաղ­թա­կան դուրս գալ այդ պա­տե­րազ­մէն։ Սի­րե­լի­ներ, այս հո­ղը սուրբ ու նուի­րա­կան է, ո­րով­հե­տեւ այս­տեղ ու­նինք նուի­րա­կան սրբու­թիւն­ներ՝ դա­րե­րով կեր­տուած հա­ւա­տա­ւոր մեր զա­ւակ­նե­րուն կող­մէ։ Այս հո­ղը սուրբ ու նուի­րա­կան է, ո­րով­հե­տեւ այս­տեղ հե­ղուած է քրտին­քը, նաեւ ա­րիւ­նը մեր պատուա­կան զա­ւակ­նե­րու եւ մեր նախ­նի­նե­րու։ Այ­սօր դուք էք պաշտ­պան­նե­րը այս նուի­րա­կան հայ­րե­նի­քին։ Այս սահմ­ա­ննե­րը ա­նառիկ պէտք է պա­հել՝ նուի­րու­մով, հա­ւա­տով եւ խի­զախ հե­րո­սա­կան ո­գիով, զոր կը կրէք ձեր ան­ձե­րուն մէջ։ Դուք մշտա­պէս մեր ա­ղօթք­նե­րուն մէջ էք, մենք կը սի­րենք ձե­զ։ Ձե­զ կը սի­րէ ազ­գի իւ­րա­քան­չիւր զա­ւա­կը թէ՛ հայ­րե­նի­քի եւ թէ Սփիւռ­քի հե­ռա­ւոր ա­փե­րուն մէջ։ Մեր ազ­գը իր սի­րով ու ո­գիով, իր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու ըն­ծա­յա­բե­րում­նե­րով եւ յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րով միշտ ձեր կող­քին է։ Ձե­զի հետ է նաեւ մեր ե­կե­ղե­ցին իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով ու կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ իր սպա­սա­ւոր­նե­րով», ը­սաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը։

Ար­ցա­խի մէջ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը Բարձ­րեա­լին հայ­ցեց, որ­պէս­զի միշտ յաղ­թա­կան ըլ­լայ հայ զի­նուո­րի բա­զու­կը եւ Աս­տուած անվ­տանգ եւ բո­լոր փոր­ձու­թիւն­նե­րէն հե­ռու պա­հէ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը՝ որ­պէս­զի փառ­քով եւ պա­տուով ի­րենց ծա­ռա­յու­թիւ­նը ա­ւար­տե­լով վե­րա­դառ­նան ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րուն՝ ու­րա­խու­թիւն պար­գե­ւե­լով ի­րենց ծնող­նե­րուն եւ ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դին։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը մաղ­թեց, որ Տէ­րը իւ­րա­քան­չիւր զի­նուո­րի կեան­քի ըն­թաց­քը զար­դա­րէ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով ու յաղ­թա­նակ­նե­րով, որ­պէս­զի միշտ շէն ըլ­լայ հա­յոց աշ­խար­հը, հզօր՝ հա­յոց բա­նա­կը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը խա­ղա­ղու­թեան մէջ ապ­րի ու կեր­տէ իր բա­րօր կեան­քը։ Ա­ւե­լի վերջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ ԳՀԽ­-ի ան­դամ­նե­րը ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ զրու­ցե­ցին զի­նուոր­նե­րուն հե­տ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2016