ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆՀՐԱԺԵՇՏ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բա­նա­կան գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ե­պիս­կո­պո­սաց դա­սու նո­րոգ վախ­ճա­նեալ ան­դա­մին՝ Ուք­րայ­նոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գրի­գո­րիս Արք. Բու­նիա­թեա­նի վեր­ջին օծ­ման եւ յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան կար­գը։ Հրա­ժեշ­տի հա­մար վախ­ճա­նեալ սրբա­զա­նին ա­ճիւ­նը դրուե­ցաւ Ս. Գա­յիա­նէ վան­քին մէջ, ուր կա­տա­րուած ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թողի­կո­սը։ Այս առ­թիւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ար­տա­սա­նեց նաեւ ցա­ւակ­ցա­կան խօսք մը՝ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Միա­բա­նու­թեան, հան­գու­ցեալ Սրբա­զան Հօր հա­րա­զատ­նե­րուն, մտե­րիմ­նե­րուն եւ ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։ «Մենք հա­մախմ­բուած ենք այս­տեղ վեր­ջին ան­գամ մեր սէ­րը, յար­գանքն ու ա­ղօթ­քը բե­րե­լու ի­րեն եւ ու­ղեկ­ցե­լու դէ­պի երկ­նա­յին լու­սե­ղէն բար­ձունք­ներ եւ օ­թե­ւան­ներ», ը­սաւ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը եւ կանգ ա­ռաւ նաեւ բա­րե­յի­շա­տակ Գրի­գո­րիս Սրբա­զա­նի մարդ­կա­յին կեր­պա­րին, նուի­րեալ ծա­ռա­յու­թեան վրայ։ 

Ս. Գա­յիա­նէ վան­քէն սգոյ թա­փօ­րը ուղ­ղուե­ցաւ Մայր Ա­թո­ռի միա­բա­նա­կան գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, ուր թաղ­ման կար­գին հան­դի­սա­պե­տեց Շի­րա­կի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Մի­քա­յէլ Եպսկ. Ա­ջա­պա­հեան։ 

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն ա­ռըն­թեր յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան Շի­րա­կի եւ Ար­մա­ւի­րի մար­զա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, Ե­րե­ւա­նի մօտ Ուք­րայ­նոյ դես­պա­նա­տան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ները, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ Ուք­րայ­նոյ Հա­յոց Թե­մէն պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2015