ՄԱՆԿԱՆՑ ԼԻԿԻՆ ՄԷՋ ՇԻՇԼԻԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ԿԱԶՄԸ ԱԽՈՅԵԱՆ
Շիշլի մարզակումբի ճատրակի կազմը վերջերս մասնակցեցաւ համանուն գաւառակէն ներս կազմակերպուած ճատրակի մանկանց լիկին։ Մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին, տեղի ունեցաւ «Տողա» գոլէճի գիտական դպրոցէն ներս։ Մինչեւ տասնմէկ տարեկան մարզիկներ մասնակցեցան մրցաշարքին, որու արդիւնքին Շիշլիի կազմը հանդիսացաւ առաջին։
Տավիտ Իւկէ, Արիս Տիգրան Նշան, Ռուբէն Թորոս, Մասին Գարա, Արթուն Էօզպիւլպիւլ, Լիտիա Փոլատ, Նիքոլ Լարա Գարագուշ եւ Արի Արման Գայաօղլու մաս կազմեցին Շիշլիի խումբին։ Անոնք իրենց արձանագրած այս յաջողութիւնով իրաւունք շահեցան նաեւ մասնակցելու Իսթանպուլի ճատրակի մանկանց լիկի աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ 11-12 Ապրիլին։
Շիշլիցիները մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին բեմին վրայ պաստառ մը պարզեցին՝ վերյիշելով իրենց վաղամեռիկ խաղընկերը՝ Ալեքս Տաղլեանը, որու անցեալ տարուան անժամանակ մահը խոր ցաւ պատճառած էր բոլորին։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք բոլոր շիշլիցիները եւ իրենց կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։