ԳԱՆԱՏԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց գա­նա­տա­հայ ուխ­տա­ւոր­ներ։ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Գա­նա­տա­յի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Աբ­գար Եպսկ. Յո­վա­կի­մեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ ուխ­տա­ւոր­նե­րը կ՚այ­ցե­լեն Հա­յաս­տան՝ ան­կա­խու­թեան 25-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ։ Հան­դիպ­ման սկիզ­բին Տ. Աբ­գար Եպսկ. Յո­վա­կի­մեան նշեց, թէ գա­նա­տա­հա­յու­թիւ­նը եւ Հա­յոց Թե­մը մշտա­պէս մաս­նա­կից են Հա­յաս­տա­նի ըն­կե­րա­յին, հա­սա­րա­կա­կան ու մշա­կու­թա­յին կեան­քին՝ սա­տա­րե­լով առ­կայ խնդիր­նե­րու յաղ­թա­հար­ման։ Յա­նուն ուխ­տա­ւոր­նե­րուն Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի օրհ­նու­թիւ­նը հայ­ցե­լով՝ ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը ը­սաւ. «Մայր Ա­թո­ռը, հայ­րե­նի­քը ոչ միայն խորհր­դան­շան­ներ են, այ­լեւ իս­կա­կան կեան­քի ի­մաստ, ո­րով կ՚ապ­րին մեր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը»։

­Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ուխ­տա­ւոր­նե­րուն փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւ­նը ու բարձր գնա­հա­տեց Սփիւռ­քի, մաս­նա­ւո­րա­պէս գա­նա­տա­հա­յու­թեան նուի­րումն ու սէ­րը՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հան­դէպ։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ նման այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը հո­գե­ւոր վե­րել­քի ա­ռիթ են հա­յոր­դի­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք ազ­գա­յին, հայ­րե­նա­սի­րա­կան եւ ո­գե­ւոր ի­րենց զգա­ցում­նե­րը նո­րո­գած կը վե­րա­դառ­նան ու նոր խան­դա­վա­ռու­թեամբ կը լծուին ի­րենց հա­մայնք­նե­րու կեան­քի յա­ռա­ջըն­թա­ցին։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը Հա­յաս­տա­նի առ­ջեւ ծա­ռա­ցած խնդիր­նե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լով ը­սաւ. «Ապ­րած եւ դի­մա­կա­յած ենք բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րուն՝ շնոր­հիւ մեր զօ­րեղ հա­ւատ­քի, հայ­րե­նի­քի նկատ­մամբ մեր սի­րոյ»։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ընդգ­ծեց, որ մշտա­պէս կ՚ա­ղօ­թէ Սփիւռ­քի իր զա­ւակ­նե­րուն հա­մար՝ հայ­ցե­լով Տի­րոջ օգ­նա­կա­նու­թիւնն ու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը, որ­պէս­զի ա­նոնք կա­րե­նան ի­րենց հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը պա­հել՝ ազ­գա­յին-հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րուն նկատ­մամբ ու ապ­րին հա­յա­շունչ կեան­քով։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը յոր­դո­րեց, որ գա­նա­տա­հա­յե­րը նոյն ո­գիով դաս­տիա­րա­կեն ի­րենց զա­ւակ­նե­րը ու ջան­քեր գոր­ծադ­րեն ա­մէն ձե­ւով ի­րենց օգ­տա­կա­րու­թիւ­նը բե­րե­լու հա­մար։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016