ՄՈՆԻՔ ԵՐԿԱՆԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՍՏԵՂԾԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ
Թոփգաբուի Ս․ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի հանդիսաւոր արարողութիւն մը։
Մեծ պահքի Միջինքին զուգադիպած ժամերգութեան նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ․ Արամ Արք․ Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ներկայ էին Տ․ Զատիկ Աբեղայ Պապիկեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ․ Մինաս Քհնյ․ Ճիհանկիւլեան։ Յաւարտ արեւագալի արարողութեան կայացաւ խաչահանգիստ։
Միաժամանակ, յօգուտ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի, կազմակերպուած էին տեղւոյն թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մոնիք Երկանեանի գեղա-նըկարչական աշխատանքներուն ցուցահանդէս-վաճառքն ու տիկնանց կազմի անդամներուն կողմէ պատրաստուած Ս․ Զատկուան աւանդական քէրմէսը։ Զանազան թաղերէն փութացած այցելուները, ինչպէս նաեւ վարժարանի կրթական մշակներն ու սաները առիթն ունեցան տեսնելու Մոնիք Երկանեանի քառասուներեք կտաւները։ Ծանօթ է, որ վերջին տարիներուն Մոնիք Երկանեան ստեղծագործական նման աշխատանք կը տանի՝ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին իր յաւելեալ զօրակցութիւնը բերելու համար։ Իր այս հերթական ցուցահանդէսն ալ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ Թոփգաբուի ընտանիքին մօտ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ ցուցահանդէսը այցելելու ժամանակ արտայայտեց իր հայրական գնահատանքը հեղինակին նկատմամբ, որու կողքին էր նաեւ իր կողակիցը՝ յայտնի բարերար Արէտ Երկանեան։
Այս առթիւ Մոնիք Երկանեան մամլոյ սպասաւորներուն յայտնեց, թէ այս աշխատանքը կատարուած էր ի նպաստ կրթութեան եւ նոր սերունդի դաստիարակութեան։ Ան ըսաւ, որ բոլոր վարժարանները բաց պէտք է պահեն իրենց դռները եւ նոյնիսկ պէտք է ամէնուրեք բացուին նորերը, որպէսզի մարդիկ դաստիարակուին, կրթուին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր բարերարներուն ու օժանդակողներուն, ինչպէս նաեւ մամուլին։
Երկանեանի ցուցահանդէսին առընթեր տիկնանց կազմին կողմէ պատրաստուած քէրմէսն ալ այցելուներու ուշադրութեան առարկայ դարձաւ, մանաւանդ, որ տրամադրուած էին ճաշակաւոր ձեռագործներ։
Այսպէսով, Թոփգաբուի ընտանիքին երէկուան արտասովոր օրը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։