ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽԹԱՆՈՒՄ
Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, որ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Քուէյթի մէջ, ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի այդ երկրի ղեկավարութեան կողմէ։ Այս շրջագծով Յովիկ Աբրահամեան հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի էմիր Սապահ Էլ Ահմէտ Էլ Ճապէր Էլ Սապահի հետ։ «Պայան» պալատին մէջ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որու ընթացքին Յովիկ Աբրահամեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ Քուէյթի էմիրին փոխանցեց Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ջերմ ողջոյնները, նաեւ Երեւան պաշտօնական այցելութիւն մը կատարելու հրաւէրը։ Քուէյթի էմիրը յոյս յայտնեց, որ Յովիկ Աբրահամեանի այցելութիւնը կը նպաստէ երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններու հետագայ խորացման։ Ըստ իրեն, իր երկիրը պատրաստակամ է քննարկելու այն բոլոր հարցերը, որոնք պիտի ծառայեն կողմերու շահերուն, ու պիտի նպաստեն համագործակցութեան զարգացման եւ ընդլայնման զանազան ոլորտներէ ներս։ Էմիրի համոզմամբ, որեւէ խոչընդոտ չկայ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ մարդասիրական ոլորտներէ ներս գործակցութեան համար։ Զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցան երկու երկիրներու կապերու ընդլայնման վերաբերեալ հարցեր։
Յովիկ Աբրահամեան եւ Քուէյթի էմիրը անդրադարձան նաեւ տարածքաշրջանային խնդիրներու։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկուստեք ընդգծուեցաւ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման կարեւորութիւնը եւ տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը։