ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱՅԱՋՈՂ ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐԸ

Աշ­խար­հահռ­չակ ֆրան­սա­ցի դաշ­նա­կա­հար Ռի­շար Քլայ­տէր­ման այ­սօր հա­մեր­գով մը հան­դէս կու գայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Օ­փե­րա­յի եր­դի­քին տակ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ այս ձեռ­նար­կը։ Վա­ղը եւս Քլայ­տէր­ման գե­ղարուես­տա­սէր­նե­րուն պի­տի ներ­կա­յա­նայ երկ­րորդ հա­մեր­գով մը։ 

Ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րը հա­մակ­րան­քով կ՚ող­ջու­նեն Քլայ­տէր­մա­նի Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թիւ­նը եւ ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սեն իր ե­լոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին ի­րեն կ՚ըն­կե­րա­նայ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան սե­նե­կա­յին նուա­գա­խում­բը։ 

Ե­րե­ւա­նեան եր­կու հա­մերգ­նե­րուն ըն­դա­ռաջ, ե­րէկ, զան­գուա­ծա­յին լրատուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ մէկ­տե­ղուե­ցաւ Քլայ­տէր­ման, որ ներ­կա­յիս կը հա­մա­րուի աշ­խար­հի ա­մե­նա­յա­ջո­ղակ դաշ­նա­կա­հա­րը։ Թէ՛ Քլայ­տէր­ման եւ թէ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան սե­նե­կա­յին նուա­գա­խում­բի տնօ­րէն Նո­րայր Նա­զա­րեան ե­րէ­կուան մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուին հա­մերգ­նե­րու ծրագ­րին շուրջ։ Ա­սու­լի­սի ա­ւար­տին Քլայ­տէր­ման ներ­կա­նե­րուն մա­տու­ցեց ա­նակն­կալ մը։ Ան մամ­լոյ սպա­սա­ւոր­նե­րուն հետ կը զրու­ցէր «Տալ­մա Կար­տըն Մոլ» ա­ռեւ­տու­րի կեդ­րո­նի հա­մա­լի­րէն ներս։ Երբ վեր­ջա­ցան իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, ան ան­ցաւ այն­տեղ տե­ղադ­րուած դաշ­նա­մու­րին գլու­խը ու նուա­գեց իր յայտ­նի գոր­ծե­րէն մին։ 

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015