38-ՐԴ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հետ կապակից անդամ երկիրներու 38-րդ նստաշրջանը։ Մայրաքաղաքի «Radisson Blu Hotel Yerevan» պանդոկի համալիրէն ներս տեղի կ՚ունենան աշխատանքները։ Բացման հանդիսաւոր նիստին ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Թալէպ Ռիֆայի։ Օրուան տեւողութեան այս վերջինը ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ։ Ան յայտնեց, թէ իւրաքանչիւր այցելութիւնով նոր յառաջընթաց կը նկատէ Հայաստանի մէջ։ Շատեր կը սկսին այցելել ու ճանչնալ երկիրը։ Իր կարգին, Կարէն Կարապետեանն ալ ընդգծեց, թէ Հայաստան զբօսաշրջային բարձրորակ ծառայութիւններ կրնայ առաջարկել միջազգային շուկային համար։ Իր կարգին Սերժ Սարգսեանն ալ շեշտեց, թէ նստաշրջանի Երեւանի մէջ կազմակերպուիլը միեւնոյն ժամանակ լաւ առիթ մըն է հայկական պատմամշակութային հարուստ ժառանգութեան տեղւոյն վրայ ծանօթանալու տեսակէտէ։
Նստաշրջանի ընթացքին Հայաստանի Զբօսաշրջութեան առաջին փոխ-նախարար Գարեգին Մելգոնեան ընդգծեց, թէ վերջին տարիներուն զբօսաշրջութեան ոլորտը կայուն զարգացում ապրած է երկրէն ներս։ Ներկայ տարուան առաջին կէսին 2.5 տոկոսով աճած է միջազգային այցելուներուն թիւը։ Ըստ փոխ-նախարարին, ոլորտէն ներս այս զարգացման զուգահեռ պէտք է ընթանայ նաեւ ենթակառուցուածքներու զարգացումը։ Վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ կառուցուած է աւելի քան քսան պանդոկ։ Ան համոզուած է, որ տակաւին ուշադրութիւն պէտք է կեդրոնացուի ենթակառուցուածքներու զարգացման վրայ։ Նստաշրջանի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Սուրէն Կարաեան, որ ընդգծեց, թէ երկիրը կը կարեւորէ նման ձեւաչափերու մէջ համագործակցութիւնն ու ձեռնարկները։
Նստաշրջանի աշխատանքներուն շրջագոծով կը քննարկուին զբօսաշրջութեան զարգացման միտումները, մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը, զբօսաշրջութեան եւ ոչ-նիւթական մշակոյթի կապը, պետութիւն-մասնաւոր հատուած համագործակցութեան ամրապնդման ու խթանման շուրջ հարցեր։ Ժողովներու մասնակիցները կ՚այցելեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, Գառնիի մեհեանը, Խոր վիրապ, Գեղարդ, Արենիի քարանձաւը եւ այլ տեսարժան ժայռեր։