«Աչք Դպաւ»
Շատ մը նախապաշարեալներ կը հաւատան, որ երազները անպայման իմաստ մը կ՚ունենան, եւ որ անոնք մեկնաբանութեան կը կարօտին:
Իրենց կարծիքով, երազները մեկնաբանելու, «վերլուծելու» եւ իմաստը «հասկնալու» լաւագոյն միջոցը երազահանն է, ուր կարելի է գտնել, հարիւրաւոր երազներու բացատրութիւնները:
«Սեւ կատու տեսնելը գէշ նշանակութիւն ունի», կամ՝ «Երբ սիրելի մը երազիդ մէջ մեռած տեսնես, կը նշանակէ՝ «կեանքը երկարած է», եւ մարդիկ նման անիմաստ բացատրութիւններով կը մտահոգուին, կը տխրին, իսկ երբեմն ալ կը հրճուին՝ նայած իրենց տեսած երազի մեկնաբանութեան:
Օտարներու մէջ եւս շատ են երազի հաւատացողները, եւ տարբեր լեզուներով երազահանները բազմատեսակ են:
Երազին մէջ այս կամ այն տեսնելով՝ լաւ կամ վատ նախապաշարումներու հաւատացողը չեմ: Չհաւատալով հանդերձ, քանի մը անգամ պատահած է, որ երազիս մէջ պատահած դէպք մը նոյնութեամբ իրականացած ըլլայ աւելի ուշ: Պարզ զուգադիպութի՞ւն: Յստակ կարծիք մը չեմ կրնար տալ այդ մասին, սակայն մինչեւ օրս մնացած է անհաս-կընալի իրականութիւն մը:
Տանս բաւական ընդարձակ գրադարանին մէջ երազահանը տեղ չունի:
Տարօրինակ բան է երազ ըսուածը: Մեզ կ՚երջանկացնէ, կը յուզէ, մինչեւ իսկ երբեմն այնքան կ՚ազդէ մեր տրամադրութեան վրայ, որ արցունքոտ աչքերով կ՚արթննանք, կամ, հաճելի երազ մը տակաւին չաւարտած, երբ արթըն-նանք, կը փափաքինք, որ այդ երազը շարունակուի, սակայն անգամ մը «թելը կտրուած» է, որքան ալ աչքերնիս գոց պահելով՝ ջանանք շարունակել այդ հաճելի երազը, մեկնած է … անվերադարձ:
Կ՚ըսուի, թէ ամենաերկար երազի մը տեւողութիւնը, քանի մը երկվայրկեան է միայն:
Կը պատահի նաեւ, որ իրական կեանքի մէջ պատահած անհաճոյ դէպք մը, որքա՜ն պիտի ցանկայինք, երազ ըլլար եւ արթննալով՝ վերջ գտնէր այդ մղձաւանջը, սակայն դժբախտաբար դառն իրականութեան մը առջեւ կը գտնուինք եւ ստիպուած կ՚ըլլանք ապրիլ այդ մղձաւանջը:
Շատ է նաեւ սուրճի «գաւաթ կարդալու» գուշակութեան հաւատացողներուն թիւը:
Հայկական սուրճ խմելէ ետք, գաւաթը հակառակ կողմը դարձնելով, կը սպասեն մինչեւ սուրճի մնացորդի գաւաթին տակը հաւաքուիլը, իսկ գաւաթին մէջի մնացած աւելի թանձր մասը քանի մը վայրկեան ետք չորնալէն ետք, երեւակայական պատկերներու նմանցնելով, գաւաթ կարդացող կիներ գաւաթի տիրոջ ապագան կը «գուշակեն»:
Պէտք է ընդունիլ, որ սոյն «կարդացողները» բաւական լաւ երեւակայութիւն պէտք է ունենան. «պատկերներուն» նայելով՝ գուշակութիւններ յարմարցնելու մասնագէտներ:
Իմ նախորդ սերունդիս մէջ, յատկապէս՝ իգականներու մէջ, բաւական շատ էր այդ գուշակութիւններուն հաւատացողներուն թիւը: Իմ սերունդէս արդէն սկսած էր նուազագոյնի իջնել, իսկ ինծի յաջորդող սերունդը, մեր զաւակները, նոյնիսկ չեն լսած նման բան, մանաւանդ որ զգալիօրէն պակսած է հայկական սուրճ խմողներուն թիւը, անշուշտ խօսքս կը վերաբերի արեւմտեան երկիրներու բնակիչներուն: Միջին Արեւելքի մէջ, վստահաբար, թիւով շատ աւելի են հայկական սուրճի «սիրահարները», սակայն գաւաթ դարձնելով՝ գուշակութիւններու հաւատացողներու թիւը, վստահաբար, զգալիօրէն նուազած է, կամ… արդէն պատմութեան անցած:
Անցեալ ամառ, Լիբանան գտնուած միջոցիս, նկատեցի, որ տակաւին ի պատուի էր հայկական սուրճը, սակայն գաւաթ դարձնողներու գոնէ ես չհանդիպեցայ:
Գրեթէ միշտ նոյն կրկնուած նախադասութիւնները լսելով հանդերձ, շատեր լաւ լուրի մը հաւատալով՝ կը հրճուին, կամ գէշ լուրի մը գուշակութեամբ կը տխրին:
«Ճամբորդ ունիք»: «7 ժամ, 7 օր կամ 7 շաբաթէն լաւ բան մը պիտի պատահի»: Թէ ի՛նչ է այդ «լաւ բան»ը ո՛չ ոք տեղեակ է:
«Ղսմեթ» (բախտ) կայ գաւաթիդ մէջ»: «Պոչաւոր աստղ մը կը տեսնեմ», եւ ցոյց կու տան գաւաթի տիրոջ այդ երեւակայական «պոչաւոր աստղը», իսկ վերջինս առանց իսկ որեւէ բանի նմանցնելու՝ հաստատական գլուխը կը շարժէ:
Պարզ զուգադիպութեամբ մը «կարդացած» լուրին նմանող դէպք մը այդ քանի մը օրերու ընթացքին պատահելու պարագային, արդէն գաւաթ «կարդացող» իգականը «լաւ կարդացողի» տիտղոսին կ՚արժանանայ, եւ անոր համբաւը կը տարածուի թաղէ թաղ:
«Շատ լաւ գաւաթ կարդացող է. ըսածները մի՛շտ կ՚իրականանան»:
Արաբներուն քով նմանապէս ընդհանրացած է «գաւաթ կարդալու» նախապաշարումը: Մեծ թիւով արհեստավարժ «կարդացողներ» արհեստի (կամ արուեստի) վերածած են այդ մէկը, եւ գաւաթ մը սուրճի փոխարէն, բաւական սուղ գին գանձելով, յաճախորդներ կ՚ընդունին իրենց տուներուն մէջ:
Մեքսիքացիներուն քով, սուրճի գաւաթ կարդալու փոխարէն, գուշակութիւնները կը կատարուին ափին մէջի գծիկները կարդալով:
Palm Reading-ը, ընդհանրացած մասնագիտութիւն է Լոս Անճելըսի մէջ:
Հաւանաբար հայեր ալ կան այդ «հաւատացեալներուն» մէջ, սակայն կրնամ վստահեցնել, որ սպանախօսներու մէջ, պատկառելի թիւ մը կը հաշուեն թէ՛ հաւատացողները, թէ՛ արհեստավարժ գուշակները:
Նախապաշարումներէն ամենէն ընդհանրացածը «աչքի» հաւատալն է:
Արեւմտահայերը կ՚ըսեն՝ «աչք դպնալ», իսկ արեւելահայերը՝ «աչքով տալ»:
Օտարները կ՚անուանեն՝ Evil eye (սատանային աչքը) եւ կը հաւատան, որ սատանային աչքը (հայերս կ՚ըսենք՝ չար աչքը) ուժն ու կարողութիւնը ունի մարդոց վնասելու. կրնայ մինչեւ իսկ մահացու ըլլալ, եւ կը հաւատան, որ կապոյտ հլուն մը, կամ կապոյտ «աչք» մը իրենց վրայ կրելով՝ կրնան չէզոքացնել այդ ուժը:
Գովասանական խօսքի մը ժամանակ, աչք չդպնալու համար, «մաշալլա» բառը պայման է, իսկ եթէ կապոյտ հլունով չեն «պաշտպանուած», եւ անզգալաբար գովասանական խօսք մը ըսուի՝ առանց «մաշալլա»ի, կամ «Ապոո՜» բառը բերնէն դուրս ելլէ, անմիջապէս, առանց յայտնի ընելու… յետոյքնին կը քերեն:
Միջազգայնօրէն ընդունուած սովորութիւն է նաեւ տախտակին զարնելը՝ որպէս աչք չդպնալու «վահան»:
***
Մանկութեանս մեզի սորվեցուցած էին՝ պնակին մէջ ճաշի աւելցուք չձգել:
Մեր ծնողները տարբեր տեսակի պատմութիւններ կը հնարէին աւելի ազդու դարձնելու համար ինծի պէս ախորժակէ զուրկ մանուկները համոզելու, որ պնակը պէտք է «մաքրենք»:
«Երբ մեծնաս, աղքատ կ՚ըլլաս», իսկ փոքրիկ աղջիկներուն՝ «Նշանածդ տգեղ կ՚ըլլայ»:
Անշուշտ այս մէկը նախապաշարում մը չէ, մեր ծնողները հնարած էին նման խօսքեր՝ պարզապէս մեզ համոզելու կամ վարժեցնելու ճաշերը չվատնելու, մանաւանդ որ իրենք «վայելած» էին սովն ու անօթութիւնը:
Յոյներուն մէջ, պնակին մէջի ճաշի մնացորդը պահելը իսկական նախապաշարում մըն է, որուն հանդիպած եմ նոյնիսկ իմ սերունդիս պատկանող յոյներու մէջ:
Իրենց քով այդ նախապաշարումը տարբեր իմաստ ունի:
Կը հաւատան, որ որեւէ ճաշ, որքան ալ համով ըլլայ, քանի մը պատառ պէ՛տք է ձգել պնակին մէջ, կամ՝ գաւաթի մը մէջի ջուրը կամ որեւէ հեղուկ մինչեւ յատակը չխմել: Այնպէս համոզուած են, որ այդ քանի մը պատառ մնացած ճաշով, կամ քանի մը կաթիլ հեղուկով մեզմէ յաւերժ բաժնուած սիրելիները կը կշտանան կամ ծարաւնին կը յագեցնեն:
Որքան գոհ մնացած պիտի ըլլայի, եթէ մանկութեանս շրջանին սոյն նախապաշարումէն տեղեակ ըլլար մայրս, որովհետեւ միշտ ախորժակի պակաս ունեցած եւ մօրս ստիպումներով պնակին մէջի ճաշը ամբողջացնելու մեծ դժուարութեան դիմաց գտնուած եմ:
Լսած եմ նաեւ քանի մը տարբեր նախապաշարումներու մասին, որոնք ո՛չ ծնողքիս կենդանութեան, ո՛չ ալ ներկայիս մեր տան մէջ, երբեւիցէ տեղ ունեցած են:
- Հիւրերը մեկնելէն անմիջապէս ետք տունը չեն աւլեր: Կ՚աւլեն միայն այն պարագային, երբ անբաղձալի հիւր մըն է, եւ նախընտրելի է, որ անգամ մըն ալ չայցելէ:
- Երբ կորսուած ապրանքի մը փնտռտուքի ժամանակ գտնելու դժուարութեան հանդիպին, կը հաւատան, թէ սատանան է, որ կը դժուարացնէ այդ գործը, եւ թաշկինակի մը ծայրը հանգոյց մը կապելով, սատանային աչքը կապած ըլլալով՝ դիւրութեամբ կրնան գտնել իրենց փնտռածը:
- Երբ պնակ մը կամ գաւաթ մը գետին իյնալով՝ փշրուի, փոխանակ նեղուելու, «Չարը գնաց» ըսելով՝ իրենք զիրենք կը մխիթարեն:
Երկար տարիներ այն սխալ տպաւորութիւնը ունեցած էի, որ միջինարեւելքցիներն են միայն (կամ՝ առաւելաբար) նախապաշարումներու հաւատացողները, սակայն Ամերիկա հաստատուելէս ետք, երբ գործի բերումով ծանօթացայ տարբեր ազգի պատկանող մարդոց, զարմանքով նկատեցի, որ տարբեր ազգերու մէջ մեզմէ աւելի նախապաշարումներու հաւատացողներ կան:
- Ճաշասեղանին անկիւնը նստողները եօթ տարի չեն ամուսնանար, եւ այդ պատճառով ալ փոքր երախաները կը նստեցնեն այդ անկիւնները:
- Հարսանիքի մը պարագային, նախքան եկեղեցի մուտքը, փեսան պէտք չէ հարսին հագուստը տեսնէ, սակայն այս օրերուն, նախքան եկեղեցական արարողութիւնը, հարս ու փեսան, ինչպէս նաեւ երկուքին հարազատները, բոլորը միասին տեսարժան վայր մը կ՚երթան նկարուելու, եւ փեսան արդէն տեսած կ՚ըլլայ հարսին հագուստը:
- Երբ ականջդ «սուլէ», մէկը քու մասիդ կը խօսի:
- Երբ աջ ափը քերուի, դրամ պիտի ստանայ, իսկ ձախը քերուելու պարագային, վճարելիք գումար ունի:
- Երբ նոր ինքնաշարժ մը գնեն, վրան հում հաւկիթ կը նետեն, որպէսզի «աչք չդպնայ»:
- Հնդիկները (ի մասնաւորի՝ հինտու կրօնի հետեւորդները) կը հաւատան, որ հոգին անմահ եւ յաւերժական է, եւ անձի մը մահանալէն ետք հոգին կը վերածնի ուրիշի մը մարմնին մէջ: Պայման չէ, որ այդ «ուրիշ»ը մարդ արարած ըլլայ: Կրնայ ընտանի կամ վայրի անասուն մը ըլլալ, եւ այդ պատճառով մսեղէն չեն ուտեր, մինչեւ իսկ մրջիւնի մը վրայ կոխելը մեղք կը համարուի իրենց համար:
Հայերս նոյնպէս կը հաւատանք, որ հոգին անմահ է, սակայն փոխանակ ուրիշի մը մարմնին մէջ վերածնելու՝ երկնքի արքայութեան (կամ դժոխքի կրակներուն մէջ) կը մնայ յաւիտենական:
- Մկրատը բաց չեն ձգեր:
- Կօշիկ կամ մուճակ՝ երեսը վար եւ յատակը վեր ձգելը լաւ չէ:
- Հայերուս մէջ բուն չարագուշակ թռչուն է, իսկ օտարներու քով՝ բախտաբեր:
Չինական նախապաշարումներէն քանի մը օրինակ.
- Շուն մը, եթէ կէս գիշերին ոռնայ, մօտակայ շրջանին մէջ մահ մը պատահած է:
- Աւլելու ժամանակ, երբ աւելը մէկու մը դպնայ, այդ անձին գէշ բան մը կը պատահի:
- Երազին մէջ ակռայ տեսնելը մահ կը նշանակէ:
- Տան մը երեսը դէպի հիւսիս կառուցելը ընտանիքը խորտակել կը նշանակէ:
- Իրիկունը եղունգ կրծելը ուրուական մը կը բերէ տունէն ներս:
- Նոր տարուան օրը չեն քնանար: Քնանալու պարագային, բախտերնին կը կորսուի:
- Հովանոցը տունէն դուրս ելլելէն ետքն է, որ կը բանան:
Հնդկական նախապաշարումներ.
- 13 թուանշանը գէշ նշանակութիւն ունի, մանաւանդ երբ Ուրբաթի հանդիպի (այս մէկուն կը հաւատան նաեւ հրեաները):
- Բարձին տակ դանակ մը կամ մկրատ մը դնելը վատ երազ տեսնելու արգելք կը հանդիսանայ:
- Երբ առջեւէդ սեւ կատու մը անցնի, ճամբադ փոխէ:
Հայերուս մէջ, երբ երկու հոգի իրարմէ նեղուին կ՚ըսեն՝ «Մէջերնէդ սեւ կատո՞ւ անցաւ»:
- Երեկոյեան տունը չեն աւլեր:
Մեքսիքական նախապաշարումներ.
- Նոր տարուան առաջին օրը ճամբորդական պայուսակով մը տունէն դուրս կ՚ելլեն, որպէսզի ամբողջ տարին ճամբորդեն (ճամբորդութիւն սիրողներուն պարագային):
- Գիշերը տեսնուած գէշ երազը պէտք է մէկու մը պատմեն, այլապէս այդ երազը կ՚իրականանայ:
- Եթէ անկողինէն ձախ ոտքով վար իջնեն, անյաջող օր մը կ՚ունենան:
- Երբ թռչունի ծիրտը վրադ իյնայ, բախտ կը բերէ:
Ֆիլիփփինցիները կը հաւատան, որ անբաղձալի հիւրէ մը ձերբազատելու համար տան շուրջը աղ սփռելով՝ այդ հիւրերը անմիջապէս կը մեկնին:
- Նոր տարուան օրը, երբ տան բոլոր պատուհանները բաց ձգես, ամէն բարիք կը մտնէ տունդ:
- Տան մէջ, մեղու գտնելը բախտ կը բերէ:
Նախապաշարում եւ… աւանդութիւն:
Առաջինով ես անձնապէս հետաքրքրուած չեմ, ոչ ալ հաւատացողն եմ, սակայն հայկական աւանդութիւններէն, ի մասնաւորի կրօնականներէն շատեր արդէն սկսած են մոռցուիլ:
Քանի մը հատը, ինչպէս Սուրբ Սարգիսի տօնին երեք օրուան ծոմապահութիւնը, ներկայիս շատ գործնական չէ, տրուած ըլլալով, որ նոյնիսկ իգականները աշխատող են, եւ անօթի-ծարաւ կարելի չէ գործի երթալ, սակայն Տեառնընդառաջին, եօթ հանգոյցով դերձան մը մեր ձեռքին կապելն ու մինչեւ Համբարձման տօնը պահելը պէ՛տք է շարունակուին:
Հայը հայ պահողը եղած են հայ եկեղեցին, հայ լեզուն, հայ մշակոյթն ու հայկական աւանդութիւնները:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Լոս Անճելըս, 2016
Հարթակ
- 12/02/2024