ԵՐԱՆԻ ԳԻՆՈՎԻՆ
Երանի գինովին, որու համար աշխարհը կ՚երերայ բայց չի փլիր. արեւն անհոգ կը ծիծաղի աշխարհի ցաւերուն, ու ի՛ր ժամին կը թաւալի անաղմուկ, ու աղջամուղջն իր կարմիրով կու տայ գոյնը գրաւիչ մայրամուտին: Ճամբաներու ոլոր մոլոր, օձապտոյտ ընթացքն արդէն երանելի ցուցմունք են, ուր տեսանելի եւ թէ անտես թիթեռնիկներ կ՚ելեւէջէն իբրեւ ոգի մեռեալներու, անտառներու գազանները դարձեր են լուռ ու հնազանդ։ Թիւեր չկան. սահմաններն ալ իրենց կարգին սահմանումներ չունին արդէն, ու ամէն ինչ հեղուկային… նո՛յնն են ամէն մեծ ու փոքր, հզօր-անզօր հերոսները այս աշխարհի… ու մարմիններ կանացի մառախուղի մէջ ծիածան իրենց սիրոյն պլլուած՝ դրախտային իբրեւ օձ կը ծեքծեքին վարսաթափ, դրախտային «արգիլուած պտուղը» չճաշակած…
Երանի գինովին… որ դեռ գինի կը բուրէ ու կը շնչէ, կը տեսնէ ու աւելին՝ ա՛լ ամէն ինչ կատարեալ է քանի որ երազ է աս, եւ երազին սահմանները ո՜վ կը գծէ…
Երանի գինովին, որ գաւաթին մէջ իր կեանքի, որ ալ դատարկ է հիմա, նոյնացած են հակադիր մտերիմներ ի վաղուց, կեանքն ու մահը անխտիր:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան
Հարթակ
- 12/02/2024