ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՅՍ ՈՒՐԲԱԹ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՊԿ-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ
Այս Ուրբաթ, Հոկտեմբերի 14-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթաժողովը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի տանտիրութեամբ։ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանը պիտի վարէ Սերժ Սարգսեան, քանի որ 2015-2016 թուականներուն շրջանային նախագահի պաշտօնը ստանձնած է Հայաստան։
Օրակարգի վրայ պիտի ըլլան ՀԱՊԿ-ի նախորդ գագաթաժողովներուն ընթացքին ընդունուած որոշումներու իրականացման ընթացքը, ինչպէս նաեւ շրջանային նախագահութեան տեւողութեան Հայաստանի կողմէ առաջադրուած առաջնահերթութիւնները։ Ժողովականները օրակարգի վրայ ընդգրկուած շուրջ երկու տասնեակ հարցերու շրջագծով պիտի քննարկեն միջազգային իրավիճակը, հաւաքական ապահովութեան արդի հարցերը, պիտի դիտարկեն մինչեւ 2025 թուականը ՀԱՊԿ-ի ռազմավարութեան եւ ՀԱՊԿ-ի ճգնաժամային արձագանգման կեդրոնի մը ստեղծման վերաբերեալ որոշումներու նախագծերը։ ՀԱՊԿ-ի գործունէութեան կատարելագործման եւ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ որոշումներու իրականացումն ալ պիտի ըլլան ժողովական ղեկավարներու ուշադրութեան կիզակէտին։ Կը նախատեսուի շարք մը քաղաքական յայտարարութիւններու ընդունուիլը։
2016-2017 թուականներուն ՀԱՊԿ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Սպիտակ Ռուսիա։ Ուստի, Սպիտակ Ռուսիոյ Նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդին պիտի ներկայացնէ իր երկրի առաջնահերթութիւնները։
Երեւանի նստաշրջանին ժամանակ կը նախատեսուի նաեւ ՀԱՊԿ-ի ռազմական բաղադրիչի հետագայ զարգացումը, զինուորական անձնակազմի պատրաստման, ինչպէս նաեւ արտակարգ իրավիճակներուն արձագանգման համակարգի զարգացման վերաբերեալ փաստաթուղթերու ստորագրումը։ Ժողովականները Երեւանի մէջ պիտի որոշեն նաեւ, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ ՀԱՊԿ-ի յաջորդ ընդհանուր քարտուղարը՝ փոխարինելով այժմու ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիուժան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նոր ընդհանուր քարտուղար կրնայ դառնալ Հայաստանի կողմէ ներկայացուցիչ մը։
Երեւանի նստաշրջանին պիտի մասնակցի նաեւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին, որ Հոկտեմբերի 14-ին այս առթիւ պիտի մեկնի Հայաստան։ Միւս անդամ երկիրներն ալ՝ Սպիտակ Ռուսիա, Ղազախիստան, Խրղըզիստան եւ Տաճիկիստան պիտի մասնակցին իրենց նախագահներուն կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւններուն։ Ղազախիստանի Նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ Երեւան պիտի հասնի գագաթաժողովէն օր մը առաջ, քանի որ վաղը նախատեսուած են իր շփումները՝ պաշտօնական այցելութեան ձեւաչափին մէջ։ Հարկ է նշել, որ Նազարպայեւ այսօր ալ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տար Պաքու, սակայն երէկ հաղորդուեցաւ, որ պաղառութեան հետեւանքով ան ջնջած է դէպի Ատրպէյճան իր ուղեւորութիւնը։