ԳԵՐԶԳԱՅՈՒՆ ԽԱՌՆՈՒԱԾՔԸ ԵՒ ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՆ - Գ -
Մեր նախորդ երկու գրութիւններով ջանացինք ներկայացնել «գերզգայուն» կամ «գերյուզական խառնուածք» ունեցողներու ընդհանուր տեսարանը՝ օգտուելով ջղային եւ մտային հիւանդութիւններու մասնագէտ Տքթ. Գ. Ամատեանի ուսումնասիրութենէն։ Նաեւ տեսանք, թէ դիւրազգաց ու դիւրագրգիռ անձեր «վնասակար տարրեր» են ընկերային կեանքի մէջ, եւ թէ անոնք իրենց դիւրաբորբոք ու պատուախնդիր բնաւորութեամբ ո՜րքան կը դժուարացնեն թէ՛ անհատական, թէ՛ հասարակական կեանքը։ Եւ դարձեալ ըսինք, որ այս մասին նախանձախնդրութիւնը բնական է եւ հասկնալի, պայմանով որ ան մնայ իր չափին ու սահմանին մէջ։ Ամէն խօսքէ, ամէն վարմունքէ իրենց բաժին հանել փորձող, իրենց վերագրող անձեր կրնան գտնուիլ ամէնուրեք, որոնք կարծես պատրա՛ստ են անմիջապէս վիրաւորուիլ եւ վշտանալ՝ անտեղի կերպով։
Անշուշտ պէ՛տք է զանազանել «գերզգայուն խառնուածք» ունեցողները եւ դիւրազգաց բնաւորութեան տէր անձերը՝ որոնք դիւրաւ վիրաւորուող, փափկասիրտ եւ պատուազգաց են, եւ այս երկու նկարագիրները չշփոթել իրարու։ Այս երկրորդները կը նմանին՝ նախընթաց դէպքի մը պատճառով վէրք ստացած այն մարդոց, որ ամենափոքր հարուածէ մը ազդուելով սպիացած վէրքը դարձեալ կը գրգռեն եւ կը հրահրեն ու ցաւ կը զգան։
Եւ վերջապէս մենք զմեզ բախտաւոր սեպեցինք, որ մեր բոլոր ծառայակիցները՝ ամէն աստիճանի ու դիրքի, անխտի՛ր, այսպիսի անձեր չեն եւ մեր անմիջական շրջանակին մէջ նման անձեր գոյութիւն չունին եւ մենք անոնց շնորհիւ մեր հոգեւորականի ծանր պատասխանատուութիւնը կրնանք ու կրցած ենք տանիլ մինչեւ այսօր։ Անոնցմէ ո՛չ մէկը կը չափազանցէ իր նախանձախնդրութիւնը եւ կատարեալ գիտակցութեամբ կը ծառայեն ու կը կատարեն իրենց նուիրական պաշտօնը՝ բոլորն ալ անխտի՛ր։ Արդէն պաշտօնն ալ այդ կը պահանջէ։
Ընդհանուր տեսութեամբ կան դիւրազգաց եւ չափազանց նախանձախնդիր մարդիկ՝ որոնք կը դժուարացնեն կեանքը։ Սակայն ի՞նչ է դարմանը։ Եւ ահաւասիկ այս կէտին՝ կարեւորութիւն կը ստանայ «հանդուրժողութեան ոգի»ն։
Հանդուրժողութիւնը, արդարեւ առաքինութիւն մըն է՝ ազնուութիւն, որ դիւրատար կ՚ընէ կեանքը եւ կը չափաւորէ մարդկային փոխյարաբերութիւնները։
Դիւրազգաց մարդոց հանդուրժողութիւն ցոյց տալ, համբերութեամբ դիմաւորել զանոնք՝ վեհանձն մարդու նկարագի՛րն է։ Ամէն մարզի մէջ հանդուրժողութիւնը՝ որ համբերութիւն կ՚ենթադրէ, կարեւոր է եւ անհրաժե՛շտ՝ կեանքը լաւ վարելու համար։
Ուստի անհատական կարծիքի ազատութիւնը յարգել եւ թոյլ տալ, որ ամէն մարդ իր տեսակէտները պարզէ, առանց վիրաւորելու անշուշտ անձնական արժանապատուութիւնը, քաղաքական, ազգային եւ կրօնական հարցերու շուրջ, ինչ որ կը պահանջէ հանդուրժողութեան (tolerance) ոգին։
Սակայն հանդուրժողութիւնը արժէք կը ստանայ, երբ փոխադա՛րձ է։ Ակնյայտնի եւ բացայայտ իրականութիւն է, թէ՝ մարդիկ՝ ինչպէս մարմնով նոյնպէս եւ մտքով իրարմէ տարբեր ստեղծուած են։ Եւ շատ բնական է, որ անոնք մէկզմէկէ տարբերին թէ՛ մարմնական կազմով եւ թէ՛ խորհելու ուղղութամբ։
Ի՜նչ մեծ դժբախտութիւն պիտի ըլլար եթէ ամէն մարդ նոյն տեսանկիւնէն դիտէր իրերը եւ իրողութիւնները եւ բոլորը իրարու նման խորհէին, այս միօրինակութիւնը կեանքը ձանձրանալի եւ մարդկային յառաջդիմութիւնը անկարելի պիտի դարձնէր։
Արդար ու իրաւացի քննադատութիւններ ու դիտողութիւններ եւ մինչեւ իսկ յանդիմանութիւններ պէ՛տք է հանդուրժողութեամբ դիմաւորուի, որպէսզի կարգ ու կանոնը պահուի։
Հանրապետական դրութեան հիմնական սկզբունքն է «արժէք տալ անհատին», եւ պաշտպանել անոր խօսքի, խորհուրդի եւ խղճի ազատութիւնը։ Դարձեալ ըսինք, որ ասիկա անսահման ազատութիւն մը չէ, որուն սահմանը ուրիշի մը ազատութեան սահմանին գի՛ծն է եւ մանաւանդ անձնական արժանապատուութիւնը՝ որը վիրաւորել երբեք ազատութեան վայելում չէ՛։ Այս պայմաններով ամէն մարդու ազատութիւն վայելելու իրաւունք տրուած է՝ անկախօրէն խորհելու եւ անվախօրէն յայտնելու իր կարծիքը ամէն խնդրի շուրջ։ Արդարեւ մարդ, պատմութեան շրջանին երկար պայքարներէ ետք է որ տիրացաւ ազատ խորհելու, խօսելու եւ գործելու իրաւունքին՝ որ կը համապատասխանէ մարդկային արժանապատուութեա՛ն։
Հանրային ու համայնքային կեանքի մէջ հանդուրժողութեան ոգիին պակասը զգալիօրէն կը տեսնուի ընդհանրապէս։ Բնական է եւ միանգամայն օգտակար որ իրարմէ տարբերին խորհուրդները եւ տեսակէտները, համոզումները, ի՛նչ որ կը նշանակէ՝ իրերն ու իրողութիւնները դիտել տարբեր անկիւններէ։ Իսկ իր մը կամ իրողութիւն մը տարբեր անկիւններէ դիտել՝ ճշմարտութեան յայտնութեան համար անհրաժե՛շտ է տարբեր տեսակէտներու բաղդատութեամբն է, որ ճշմարտութիւնը կը լուսաւորուի ու կը յայտնուի։
Ուրեմն մտածումներու, գաղափարներու եւ կարծիքներու զանազանութիւնը ընկերային ճոխութիւն մը, հարստութիւն մըն է։ Զանազան մշակոյթներ կը միանան եւ ընդհանուր մարդկային մշակոյթը կը ստեղծեն։ Ուստի կուրօրէն համակերպիլ որեւէ կարծիքի, հպատակիլ ուրիշներու գաղափարներուն սխա՛լ է եւ հակառա՛կ՝ մարդկային բանականութեան։
Անհատական ազատութիւնը թանկագին գա՛նձ մըն է՝ որ պէտք է պահպանուի եւ պահուի ամէն գնով, քանի որ մտքի գերութիւնը՝ ամենավատթար գերութի՛ւնն է, որուն մարդ կրնայ ենթարկուիլ։
Ուստի պէտք է լայնամիտ, հանդուրժող ըլլալ եւ յարգել ուրիշներու համոզումները՝ թոյլ տալով, որ անոնք ազատօրէն արտայայտեն իրենց տեսակէտները, համոզումները եւ մինչեւ իսկ համբերութիւն ցոյց տան ամէն իրաւացի եւ արդար քննադատութեան։ Եւ ահաւասիկ ա՛յս է որ կը կոչուի հանդուրժողութիւն։
Գաղափարի պայքարն է որ կ՚ապահովէ յառաջդիմութիւնը հասարակութեան եւ պէտք է մէկզմէկու սխալները, թերութիւնները եւ տկարութիւնները մատնանշել ու քննադատել, քանի որ ատո՛վ է որ շիտակ ճամբան՝ արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը կարելի պիտի ըլլայ գտնել, որոնք պիտի երջանկացնեն մարդը։
Ուրեմն արդար ամէն քննադատութիւն եւ իրաւացի յանդիմանութիւն պէտք է ընդունելի ըլլայ՝ առանց դիւրազգացութիւն ցոյց տալու։ Ամէն արդար քննադատութիւն անկեղծութեան եւ ճշմարիտ սիրոյ արտայայտութիւն մըն է՝ ի նպաստ ընկերութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 15, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 02/27/2025
- 02/27/2025