ՉԱՐԵՆՑ 118 ՏԱՐԵԿԱՆ
Երէկ, Երեւանի մէջ ոգեկոչուեցաւ հայ գրականութեան տիտաններէն Եղիշէ Չարենց։ Ամէն տարի Մարտի 13-ին կը նշուի Եղիշէ Չարենցի տարեդարձը։ Անցեալ իրերայաջորդ տարիները կարծես կ՚ամրապնդեն անոր դիրքը մեր գրականութեան երախտաշատ սպասաւորներու անդաստանէն ներս։ Ժամանակները առիթ կը հանդիսանան, որ իր գործը, թողած գրական ժառանգը վերարժեւորուի, հետեւաբար Եղիշէ Չարենցի նկատմամբ համակրանքն ալ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ։
Երեւանի մէջ Չարենցի արձանին շրջակայքը երէկ դարձեալ վերածուեցաւ ուխտավայրի մը։ Ոգեկոչման արարողութիւններուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեան։ Այս առթիւ նոր սերունդի ներկայացուցիչներն ալ խումբ առ խումբ փութացին Չարենցի արձանին մօտ եւ ծաղիկներ թողլով արտայայտեցին իրենց յանձնառութիւնը՝ հայ գրականութեան նկատմամբ նախանձախնդրութեան ուղղութեամբ։
Հուսկ, հայ գրականութեան հանճարը արդէն 118 տարեկան է։
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024