ՊԱԳԸՐԳԻՒՂԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ ՊԱՀՔԻ ՍԵՂԱՆ ՄԸ ՍԱՐՔՈՒԵՑԱՒ ԾՆՈՒՆԴ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԱՐԵՒԱԳԱԼԷՆ ՎԵՐՋ

Պա­գըր­գիւ­ղի Ծն. Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­րե­ւա­գա­լի ա­րա­րո­ղու­թիւն, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հէր­կէ­լեան։ Ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը ունկնդ­րե­ցին Նո­րին Սրբազ­նու­թեան քա­րո­զը։ 

Ա­րե­ւա­գա­լի ժա­մեր­գու­թեան ա­ւար­տին, ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ նաեւ պահ­քի սի­րոյ սե­ղան մը։ Սե­ղա­նը օրհ­նեց Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը, ո­րու կող­քին էին Պա­գըր­գիւ­ղի Ծն. Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տէ­միր եւ Պա­գըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քէն այլ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։ Հա­ւա­քոյ­թին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Պա­գըր­գիւ­ղի փոխ-քա­ղա­քա­պետ Մարգ­րիտ Տիք­մէ։ Հարկ է նշել, որ այս պահ­քի սե­ղա­նը սար­քուած էր Պա­գըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կող­մէ յատ­կա­ցուած մի­ջոց­նե­րով՝ ի նշա­նա­ւո­րումն այս գա­ւա­ռա­կի բո­լոր բնա­կիչ­նե­րուն նկատ­մամբ հա­ւա­սար վե­րա­բեր­մուն­քի։ 

Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը պահ­քի սե­ղա­նին շուրջ ան­մի­ջա­կան զրոյց ու­նե­նա­լէ վերջ հրա­ժեշտ ա­ռին հո­գե­ւոր գո­հու­նա­կու­թեան զգա­ցու­մով։ 

Շաբաթ, Մարտ 14, 2015