ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՃԱՍԹԱ ՕՐԷՆՔԸ. ԽՈՒՍԱՆԱՒՈ՞ՒՄ ԿԱՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑ
Ամերիկեան ծեռակոյտին կողմէ վաւերացուած ՃԱՍԹԱ (Justice Against Sponsors of Terrorism Act) օրէնքը յարաբերութիւններու նոր ընթացակարգ մը կրնայ գծել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ սիւննի աշխարհի յառաջատար երկիր համարուող Սէուտական Արաբիոյ միջեւ:
Թէ ինչ վատթարացում կրնան կրել այդ խորք ունեցող յարաբերութիւնները պարզ չէ, սակայն յստակ է, որ սէուտցիներուն համար բաւական անսպասելի այս որոշումը ոչ միայն մտածելու տեղի պիտի տայ, այլ նաեւ կշիռքի վրայ պիտի դնէ այդ յարաբերութիւններուն իրական արժէքը:
Յիշեցման կարգով ըսեմ, որ «Ահաբեկիչներու սատարող կողմերը դատելու» այս օրէնքը, կարճ՝ ՃԱՍԹԱ-ն պատրաստուեցաւ հանրապետականներուն կողմէ եւ առաջին անգամ ծերակոյտին ներկայացուեցաւ Մայիսին: Օրէնքը ծերակոյտին ներկայացուեցաւ հանրապետական գործիչ ծերակուտական Ճոն Քորնիի կողմէ: Աւելի վաղ, երբ օրէնքը Ներկայացուցիչներու տուն հասաւ ԱՄՆ-ի Նախագահ Պարաք Օպամա վեթոյի իրաւունք օգտագործելով խափանեց օրինագիծը: Իսկ Սեպտեմբերի 23-ին Ներկայացուցիչներու տունը օրէնքը «վերակարդալու» իր իրաւունքը գործի դնելով առաջարկը վերածեց օրինագծի:
Օրէնքին հիմքը անշուշտ 2001 թուականին Միացեալ Նահանգները ցնցած «11 Սեպտեմբեր»ի դէպքերն են ու անոնց հիմքով այդ յարձակումը գործած ահաբեկիչներուն սատար կանգնող կողմերը «գտնել»ն ու ապա պատժելը:
ԱՄՆ-ի մէջ առաջին անգամը չէ, որ ահաբեկիչներուն սատար հանդիսացող կողմերը «պատժելու մասին» խօսք կ՚ընթանայ: Տակաւին տարբեր առիթներով խօսուած է գաղտնի թղթածրարի մը մասին, որուն մէջ յիշատակուած էր Ուաշինկթընի մօտ Սէուտական Արաբիոյ նախկին դեսպան ու ապա թագաւորութեան գաղտնի սպասարկութեան երբեմնի գլխաւոր պատասխանատու Պանտար Պըն սուլթանի անունը, որ ըստ այդ գաղտնի թուղթերուն կարեւոր դերակատարութեան ունեցած է ահաբեկիչ տարրերուն նիւթական նեցուկ տալու կապակցութեամբ:
Այդ խօսակցութիւնները մնացին վերահսկողութեան տակ ու Պարաք Օպամա նախքան Ռիատ տուած իր այցելութիւնը (Ապրիլ, 2016) հարցը «սառնարան» դրաւ:
Խորքին մէջ ԱՄՆ-ի նախագահն ալ անակնկալի առջեւ գտնուեցաւ, երբ նոյնիսկ իր օգտագործած վեթոյէն ետք Ներկայացուցիչներու տունը Գոնկրէսը այդ «վտանգաւոր» համարուած առաջարկը օրէնքի վերածեց:
Այս բոլորին մէջ եւ արագ դիտարկում մը կատարելով պէտք է ներկայացնել ԱՄՆ-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններու ընդհանուր պատկերը եւ «կենսագրական»ը: Այսպէս Համաշխար-հային երկրորդ պատերազմի աւարտէն մինչեւ 1991-ը (մինչեւ Քուէյթի Սատտամ Հիւսէյինի շղթայազերծած գրոհէն ազատագրելու համար եղած «Անապատի փոթորիկ»ը գործողութիւնը), այդ յարաբերութիւնները եղած են շատ հեզասահ եւ արդիւնաւէտ: Այսինքն ԱՄՆ-ի նախագահներ Ռուզվելտէն մինչեւ Ճորճ Պուշ հայր Ուաշինկթըն եւ Ռիատ մշակած են փոխադարձ շահերու եւ «յանուն նաւթ»ի եղած յարաբերութիւններ: Կողմերուն միջեւ առաջին բացայայտ ցնցումը տեղի ունեցած է 2003-ին, երբ Ռիատ կ՚ընդդիմանար Ամերիկայի Իրաք ներխուժման դէմ եւ անկէ ետք յարաբերութիւնները իրենց զէնիթէն վար գլտորելով սկսան բռնել անկումի ճանապարհը:
Ամերիկացի մէկէ աւելի վերլուծաբաններուն համաձայն՝ հակառակ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ որոշ տարակարծութիւններուն՝ անհնար է, որ այդ տարակարծութիւնները բախումի առաջնորդեն: Աւելի՛ն. այս զարգացումներուն եւ յատկապէս ՃԱՍԹԱ օրէնքին մշակման եւ ապա վաւերացման գործընթացներուն հետեւողներուն համար եղածը՝ ամերիկեան ներքին քաղաքական կեանքին մէջ առկայ երկփեղկման եւ հանրապետականներուն ու դեմոկրատականներուն միջեւ երեւելի սրացման արդիւնք է:
Հանրապետականները այս քայլով կը փորձեն նեղ կացութեան մատնել Օպաման եւ տագնապի այս նոր պատուհանով «պատուհասած» ըլլալ ԱՄՆ-Իրան կորիզային համաձայնութիւնը: Այսինքն՝ Օպամայի կատարած եւ իր քաղաքական կենսագրութեան դրական կէտեր ապահոված Իրանի հետ համաձայնութեան փոխարէն Ռիատի, հետեւաբար սիւննիներու հետ անոր «մասնակի տարակարծութիւն»ը վերածել նոր տագնապի մը: ՃԱՍԹԱ օրէնքին հիմնական նպատակը այդ է ու ատոր դիմաց բնական է, որ սէուտցիք եւս ձեռնածալ պիտի չմնան: Խորքին մէջ օրէնքին վաւերացումը եւ յատկապէս Պարաք Օպամայի Ռիատ տուած «հանդարտեցուցիչ» այցելութենէն ետք որդեգրուիլը նաեւ դիտել կու տան, որ ամերիկեան քաղաքական ներքին շերտերուն մէջ քիչ չեն անոնք, որոնք նպատակ դրած են «ականել» Ուաշինկթըն-Ռիատ մինչ այդ ռազմավարական համարուող յարաբերութիւնները:
Յարաբերութիւններու այս վատթարացումէն յետոյ ալ յստակօրէն կ՚ուրուագծուի, որ ԱՄՆ-Ռիատ յարաբերութիւնները երբեք չեն եղած ռազմավարական, այլ եղած են միայն շահակցական:
Այս բոլորէն անդին եթէ փորձենք հասկնալ սիւննիներու ընդհանուր կեցուածքը ՃԱՍԹԱ-ին վերաբերեալ՝ պարզ կը դառնայ, որ անոնց մօտ ալ ԱՄՆ-ի հանդէպ նախկին «անկեղծ» եւ «հազար տարուան դաշնակից»ի հոգեբանութիւնը սկսած է խոցելի դառնալ: Անշուշտ, որ այս հանգրուանը սպասողական փուլ մըն է եւ յստակ է նաեւ, որ բոլորին աչքը ուղղուած է Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներուն: Միայն այդ ընտրութիւններէն ետք է, որ պիտի գծուին երկու դաշնակիցներուն գործակցութեան հիմնական նոր սահմանագիծերը:
Արդեօք բնականոն հունով պիտի շարունակուի՞ն այդ յարաբերութիւնները, կամ Ռիատ ամերիկեան կեցուածքներէն յոգնելէ ետք պիտի փորձէ նայիլ դէպի հեռաւոր հիւսիս՝ Մոսկուա:
Մոսկուայի հետ սիւննիներու ունեցած շփումները ցոյց կու տան, որ ռուսական կողմը միշտ ալ պատրաստ է ընդունիլ որեւէ «շահաւէտ» առաջարկ եւ գործակցութեան նոր դռներ բանալ Ռիատին համար: Եթէ Ռիատ դիմէ այդ մօտեցման՝ ապա յստակ պիտի դառնայ, որ առնուազն Միջին Արեւելքի գլխաւոր թէժ կէտերուն մէջ հնարաւոր պիտի ըլլայ, որ կողմերը ձեռք ձգեն դրական աշխուժութիւն մը եւ միասին լուծումներ մշակեն՝ Եէմէնի ու մանաւանդ Սուրիոյ մէջ:
Այստեղ պէտք է անպայման հաշուի առնել Մոսկուա-Անգարա մերձեցումը, որ իր կարգին բաւարար ներուժ կրնայ ունենալ դրական ազդեցութիւն տարածելու սիւննիներ-Ռուսաստան հաւանական մերձեցման մը համար:
Սէուտցի քաղաքագէտ Խալէտ Ալ Տախիլ «Ալ Ճազիրա» կայանէն խօսելով ՃԱՍԹԱ օրէնքին ու յատկապէս Ռիատ-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու հաւանական վատթարացման մասին՝ կը նշէ, որ իրենց համար ամենէն խոցելի կէտը այն է, թէ ԱՄՆ մինչեւ այս պահը ԻՇԻՊ-ի դէմ պատերազմելու յստակ ռազմավարութիւն մը չունի: Ան նաեւ կ՚ըսէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէկէ աւելի պաշտօնատարներ սուր քննադատութիւններ կ՚ուղղեն սիւննիներու Ուահապիսթ եւ Սալաֆիստ համայնքներուն դէմ եւ զանոնք կը մեղադրեն ահաբեկչութեան «միջուկ»ը ըլլալու մէջ: Տախիլ նաեւ կը դժգոհի, որ Միացեալ Նահանգներ որոշիչ եւ յստակ քաղաքականութիւն մը չունենալուն համար է, որ երկու կողմերուն միջեւ յիսուն եւ աւելի տարիներու կեանք ունեցող յարաբերութիւնները կրնան վնասուիլ:
Իր կարգին, միջինարեւելեան հարցերու ամերիկացի մասնագէտ Թոմաս Մաթէր, որ մանրամասն զեկուցում մը պատրաստած է ՃԱՍԹԱ օրէնքին մասին՝ ըսած է, թէ հակառակ Նախագահ Պարաք Օպամայի ՃԱՍԹԱ օրէնքին դէմ օգտագործած վեթոյին, յստակ է նաեւ, որ 11 Սեպտեմբերի զոհերուն ընտանիքները մեծ ճնշումներ բանեցուցած են ամերիկացի ծերակուտականներուն վրայ, անտեսելով նաեւ, որ այս օրէնքը ծնունդն է ամերիկեան ներքին քաղաքականութեան պարանաձգութեան:
Իր կարգին արաբ վերլուծաբան եւ տնտեսագէտ Սալէհ Ալ Թայյար, որ աւելի վստահ է Ռիատի ամերիկացիներուն մօտ ներկայացուցած կարեւորութենէն՝ կը հաւատայ, որ այս օրէնքը «մեռեալ ծնունդ» է: Թայյար, որ իր տեսակէտը կ՚ամրագրէ տնտեսական հիմքերով՝ կը յիշեցնէ, որ Ռիատ մեծ ճիգեր տարած է պայքարելու համար ահաբեկիչ տարրերուն դէմ: Ան նաեւ կը նշէ, որ եղած են տասնեակ սէուտցիներ, որոնք զրկուած են իրենց քաղաքացիութենէն եւ Ռիատի կառավարութիւնը մեծ ճիգեր կը գործադրէ պայքարելու համար «Էլ Քաիտէ»ին եւ օրերս ալ ԻՇԻՊ-ին դէմ:
Թայյար իր խօսքի աւարտին դիտել տուած է, որ ամերիկեան այս օրէնքը եղած է գրգռութիւն մը ստեղծելու եւ ան մշակուած է «ներքին սպառման» մը համար, հետեւաբար սէուտցիք պատճառ չունին մտահոգուելու այս օրէնքէն: Թայյար, որ սէուտցի է, նաեւ յառաջ կը քաշէ թագաւորութեան «Մեծն քսանեակ»ին անդամ ըլլալու հանգամանքը՝ յիշեցնելով, որ Սէուտական Արաբիոյ ամերիկեան շուկաներուն մէջ ունեցած ներդրումները եւ դրած դրամագլուխը աւելի գերակշիռ են, քան ԱՄՆ-ի Սէուտական Արաբիոյ մէջ ունեցած տնտեսական ներդրումներն ու ծրագրերը:
Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ այս օրինագիծը կրնայ գործի դրուիլ միայն ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններէն ետք: Ու ոեւէ ընտրուող նախագահ կրնայ զայն տանիլ «գերեզման» կամ ալ ամէն գնով օգտագործել, որպէս ճնշումի միջոց սէուտցիներու կողմէն յատկապէս միջինարեւելեան տարբեր թղթածրարներու մէջ որոշ զիջումներ «կորզելու»:
Ամերիկացիներուն համար Ռիատի Սուրիոյ մէջ անմիջական միջամտութիւն մը կատարելու եւ «բռնի միջոցներ»ով Նախագահ Պեշար Էսատը իշխանութենէն հեռացնելու առաջարկն ու այս առթիւ կատարուած ճնշումները տանելի եւ ընդունելի չեն ու շատ հաւանական է, որ այդ ճնշումներուն դիմաց է, որ ամերիկացիք յղացան ու ապա մէջտեղ նետեցին այս օրէնքը, որ «լարուած ուժանակ»ի ներուժ ունի:
Կը մնայ սպասել ու հասկնալ, թէ ամերիկացիք որքանով պատրաստ են վերատեսութեան ենթարկել, Միջին Արեւելքի իրենց քաղաքականութիւնը եւ գծել նոր սահմանագծեր իրենց եւ իրենց շուրջ վաթսուն տարեկան «վստահելի» գործընկերոջ՝ Ռիատին միջեւ:
Բացի այդ, կայ նաեւ Ուահապիզմի վտանգը, որ կրնայ որեւէ պահու նոր սպառնալիք դառնալ ԱՄՆ-ին համար, յատկապէս երբ թագաւորութեան վերնախաւին կողմէ անմիջական վերահսկողութեան տակ եղող շարժումները իրենց «բանտերէն» բաց թողնուին:
Աւարտին պէտք է հասկնալ, որ ով ալ ըլլայ ԱՄՆ-ի յաջորդ նախագահը, ան չի կրնար այս օրերուն որդեգրած «անտարբեր» մօտեցումներով «կառավարել» մանաւանդ Միջին Արեւելքը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան