ՊԻՆԿԷՕԼԻ ՄԷՋ ԱՒԵՐՈՒԱԾ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻ ՄԸ
Պինկէօլի Քարլըօվա գաւառէն 3 քմ. հեռաւորութեամբ գտնուող Թոփլուլար գիւղի պատմական հայկական եկեղեցին աւերուեցաւ՝ գանձ որոնողներու գործողութիւններուն հետեւանքով։ 1440 բնակչութիւն ունեցող գիւղը անցեալին եղած է հայկական բնակավայր մը։
Իգդիրի Թուզլուճա գաւառակին մէջ յայտնաբերուեցաւ հայկական պատմական խաչքար մը։ Պատմական Կողբ շրջանին համապատասխանող այս վայրին մէջ յայտնաբերուած խաչքարը կը պատկանի 13-14-րդ դարերուն։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական կոմիտէի հնգօրեայ ժողովը կը շարունակուի:

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Հոգեւոր Առաջնորդ Այէթուլլահ Համանէյի ուխտագնացութիւններու հարցերով ներկայացուցիչ Սէիտ Ալի Կազի Ասքարը, որ վերջին օրերուն այցելեց Հայաստան։ Իրեն կ՚ուղեկցէր Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մուհամմէտ Րէիսի։
Երեւանի մէջ կլոր սեղանի ձեւաչափով քննարկում՝ Հայաստանէ ներս հոգեւոր անվտանգութեան խնդիրներու լուծման ջանքերուն շուրջ: