ԱՆԻՆ ԵՒ ԱՆԵՑԻՆԵՐԸ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանէն լոյս տեսած է մատենադարանի գիտական ուղղութեամբ փոխ-տնօրէն Կարէն Մատթէոսեանի նոր գիրքը՝ «Անին եւ անեցիները» խորագրով: Հեղինակը վերջին տասնամեակներուն Անիի պատմութեան ու մշակութային ժառանգութեան զանազան հարցերու անդրադարձած է իր կարգ մը ուսումնասիրութիւններու մէջ: