ՀԱՅ ԵՐԳԻ ՍԱՅԼՈՐԴ ՄԸ ՀԵՌԱՑԱՒ…
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«1988-1990-ականներուն սկիզբը Երեւանի Զէյթուն թաղամասին մէջ ունէի դասընկերուհիներ, որոնք Պէյրութէն եւ Հալէպէն 1940-ականներուն հայրենադարձուած հայերու թոռներ էին. անոնց թաղը կ՚անուանէին «ախպարի թաղ»: Զէյթունի «Գնացքի գիծ» կոչուող տարածքին քով ոչ շատ լուսաւոր, կային հին տուներ, որոնք հայրենադարձները 1946 թուականէն ետք, իրենց տրուած հողին վրայ շինած էին, ոչ մէկ ճոխութիւն կար այդ տուներուն եւ բակերուն մէջ: