«ՇԱՐԼԻ ՀԱՅԵԱՑՔԸ» ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԸ ԵՒ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՆԿԱՐԱՀԱՆՈՒՄՆԵՐԸ
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Հինգշաբթի, յուլիս 11-ին, Շան զ՚Էլիզէի «Publicis» շարժանկարի սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Մառք տի Տոմենիքոյի կողմէ իրագործուած՝ Շարլ Ազնաւուրի նկարահանած ժապաւէնը՝ «Շարլի հայեացքը» («Le regard de Charles») տիտղոսով։ Ներկայ էին շուրջ 200 հրաւիրեալներ։ Առաջին ցուցադրութիւնն էր՝ նախքան շուկայական ցրումը, որ նախատեսուած է յառաջիկայ հոկտեմբեր 2-ին։ Յայտնութիւն մը։