ՏԱՔՔԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԵՏՔԸ՝ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անցնող օրերուն լրահոսին մէջ լուր մը ուշադրութիւնս գրաւեց. Պանկլատէշի հնագոյն քրիստոնէական եկեղեցիին մէջ, երկար տարիներու դադարէ ետք, պսակի արարողութիւն մը տեղի ունեցած է: Լուրը կը մանրամասնէր, որ քրիստոնէական այդ եկեղեցին Տաքքա քաղաքի հայոց Սուրբ Յարութիւն հին եկեղեցին է, իսկ ամուսնացողը տեղացի զոյգ մըն է՝ Ռոնալտ Տասն ու Մրիտուլա Կայտէնը: