Ընկերա-մշակութային

«ՆՇՈՅԼ ՀՐՃՈՒԱՆՔԻ»

Կը ներ­կա­յաց­նէ՝ Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Ըսուած խօսք է, թէ ընթերցումը շարժում, հոգեշարժ, սրտաշարժ, կեա՛նք, հաղորդութիւն է. երբեմն յուզում, երբեմն վերթեւում, երբեմն վերասլաց ձգտում, երբեմն խաղաղ վայելում, երբեմն բողոք ու ընդվզում, երբեմն խոկում ու որոնում, երբեմն գիւտ ու երջանկութիւն. գունաթափում, ո՛չ տափակութիւն, ո՛չ ինքնաժխտում, որովհետեւ մարդը ինքը կեա՛նք է եւ շարժում։

ԵՐԵՒԱՆԻ ԳՐՉՈՒԹԵԱՆ ԳԱՆՁԵՐԷՆ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վերջերս նոր ու գեղեցիկ աւանդութիւն մը ձեւաւորուած է Հայաստանի մէջ՝ տօնական օրերուն, թանգարաններէն կամ Մատենադարանէն կը հանուին տուեալ տօնին առընչուող մասունքներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը հնարաւորութիւն կ՚ունենայ մօտէն ծանօթանալու օրուան խորհրդանիշ մասունքներուն հետ:

արդեօք ընկերային ցանցերը վնասակա՞ր են

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Փաստեր եւ անծանօթը: Գիտութիւնը ի՞նչ կ՚ըսէ ընկերային ցանցերու՝ «Ֆէյսպուք»ի, «Թուիթըր»ի եւ «Ինսթակրամ»ի ազդեցութեան մասին՝ քու մտային առողջութեանդ վրայ: Այս մասին հետաքրքրական յօդուած մը հրապարակած է «Պի. Պի. Սի.»: Կը ներկայացնենք հատուածներ:

ՅՈՅՍԴ ԵՐԲԵՔ ՄԻ՛ ԿՏՐԵՐ

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Յուսախաբութիւն եւ յուսահատութիւն կոչուող «անխորտակելի» ուժերուն դէմ մարտնչիլը շատերու համոզմամբ ապարդիւն ջանք մըն է, որ ժամանակդ կը խլէ եւ քեզ մարտահրապարակին վրայ միայնակ կը թողու։ Կեանքիդ տեւողութեան մէջ շատ անգամ նեղութիւններու կը հանդիպիս, տագնապներու կը մատնուիս, երբեմն անել կացութեան մէջ կը գտնուիս եւ յաճախ տխուր պահեր կ՚ապրիս։

ԾԱԾԿՈՑՍ Ո՞ՒՐ Է

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Ծած­կոցս ո՞ւր է, մա՛մ, վեր­ցու­ցե՞ր ես, չեմ կրնար ա­ռանց ա­նոր քնա­նալ, գի­տե՛ս:
Գի­շե­րուան ժա­մե­րուն ի­րա­րան­ցում մը կը ստեղ­ծուի յան­կարծ տան մէջ: Տաս­ներ­կու տա­րե­կան ման­չու­կը հեւ ի հեւ տան բո­լոր ան­կիւն­նե­րը ի­րար կ՚ան­ցը­նէ, ծած­կո­ցը կը փնտռէ:

ԱՊԱԳԱՅ ԱՌԱՋԻՆ ՏՒԿԻՆԸ՝ ՄԱՆԿԱԳԻՐ ԵՒ ՀԱԶՈՒԱԳԻՒՏ ԻՐԵՐՈՒ ՍԻՐԱՀԱՐ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Անցեալ ամառ, հայ հանրութիւնը մօտէն ծանօթացաւ Հայաստանի ապագայ նախագահի տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանին, որ Լոնտոն բնակող հանրայայտ հէքեաթագիր եւ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ է: 2017 թուականի ամրան՝ Յունիս ամսուն, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Նունէ Սարգսեանի հէքեաթներու մատենաշարին շնորհանդէսը:

ԻՆՉՈ՞Ւ ՎԱՏ ԴԷՊՔԵՐ ԿԸ ՊԱՏԱՀԻՆ ԲԱՐԻ ՄԱՐԴՈՑ

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Կա՞յ անձ մը այս երկնակամարին վրայ, որ չէ ըմպած դառնութեան կամ տառապանքի բաժակէն։ Կա՞յ գոյակ մը, որ չէ ունեցած դաժան պահեր, դառնաղէտ դժբախտութիւններ իր համակ կեանքի ընթացքին։

ԱՐՄԵՆԱԿ ԱԼԱՃԱՃԵԱՆ. ԱՌԱՍՊԵԼ ԴԱՐՁԱԾ ՄԱՐԶԻԿԸ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Գանատական մամուլը օրերս անդրադարձած է 4 Դեկտեմբեր 2017 թուականին Գանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքած առասպելական հայազգի պասքեթպոլ խաղացող Արմենակ Ալաճաճեանի մահուան: 87 տարեկանին մարզաշխարհի հսկան հեռացած է կեանքէն՝ մնալով մինչեւ հիմա աշխարհի ամենէն նշանաւոր հայ պասքեթպոլ խաղացողը:

Ար­հես­տա­գի­տա­կան Նո­րա­նոր Նուա­ճում­ներ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ֆէյս­պուք ըն­կե­րա­յին ցան­ցի լրա­հո­սին մէջ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու մա­սին յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ըն­կե­րա­յին ցան­ցի հիմ­նա­դիր Մարք Զու­քեր­պեր­կի «ար­ժած» է մօտ 3 մի­լիառ տո­լար:
Ան­ցեալ Ուր­բաթ, Մարք Զու­քեր­պերկ, երբ  յայ­տա­րա­րեց  ըն­կե­րա­յին ցան­ցի լրա­հո­սին մէջ ա­ռեւտ­րա­կան գոր­ծարք­նե­րու, մակ­նիշ­նե­րու եւ տե­ղե­կա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րու հրա­պա­րա­կում­նե­րը քիչ ե­րեւ­ցող դարձ­նե­լու մա­սին, ըն­կե­րու­թեան ար­ժե­թուղ­թե­րուն ար­ժէ­քը ին­կաւ 3.9 առ հա­րիւր:

ՎԱՆԻ ԲԱՐԲԱՌԸ՝ ՄԻՇՏ ԱՊՐՈՂ

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վերջերս Երեւանի մէջ ուշագրաւ աշխատութիւն մը լոյս տեսաւ՝ «Բառարան Վանի բարբառի» խորագրով, որու հրատարակութեան օժանդակած է «Վասպուրական» հայրենակցական միութիւնը: Գիրքը լոյս տեսած է հայագէտ, բարբառագէտ, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր, Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ Լեզուի կաճառի աշխատակից Հայկանուշ Մեսրոպեանի աշխատասիրութեամբ, որ պատրաստուած է հայ պատմաբան, թարգմանիչ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Յարութիւն Թուրշեանի՝ 1959-ին գրած ձեռագիրներուն հիման վրայ:

Էջեր