ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՔԷՐՄԷՍ
Գարնանամուտի ներկայ շրջանին Էսաեան վարժարանի ի նպաստ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Վարժարանի ծնողաց միութեան եւ քէրմէսի յանձնախումբի համատեղ ջանքերով կազմակերպուեցաւ այս ձեռնարկը։
Գարնանամուտի ներկայ շրջանին Էսաեան վարժարանի ի նպաստ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Վարժարանի ծնողաց միութեան եւ քէրմէսի յանձնախումբի համատեղ ջանքերով կազմակերպուեցաւ այս ձեռնարկը։
Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ միջնախակրթարանային մտախաղերուն երկրորդը։ Այս ծրագրին համար հիւրընկալ վարժարանին աջակցեցաւ Թրքական ուղեղի խումբը եւ Մտախաղերու հրատարակչութիւնը։
110-ամեակի առթիւ տեղի ունեցած տարեդարձի ձեռնարկը հնարաւորութիւն ընձեռեց նախանշելու՝ թերթիս վերամեկնաբանեալ առաքելութեան հիմնական առանցքները:
Երկու նիստով յոբելենական հաւաք:
Յայտնի գրականագէտներ դրուատիքը հիւսեցին՝ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի ջանքերով սկիզբ առած հրատարակչական աշխատանքի ծիրէն ներս կատարուած արտադրութեան, ընդգծելով պտուղներուն որակն ու պատրաստութեան լայն մտահորիզոնները:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի www.jamanak.com կայքէջը՝ ուրոյն պատուհան մը, ուրկէ լոյս կը սփռուի հայ իրականութեան օրակարգի բազում նիւթերու ամենահետաքրքրական երեսակներուն վրայ:
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ կարեւոր նախաձեռնութիւն:
Երբեմնի Լուսաւորիչեան վարժարանի շէնքի տանիքը կը վերականգնուի՝ Գէորգ Էօզգարակէօզի հսկողութեան տակ:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ ոգեկոչեց թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի բարեյիշատակ բարերար հանգուցեալ Զենոբ էֆէնտի Մէրամէթճեանը՝ մահուան 106-րդ տարելիցին առթիւ։
Այս առթիւ երախտաշատ բարերարի Շիշլիի գերեզմանատան դամբարանին մօտ կատարուեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ գլխաւորութեամբ Տ. Մինաս Աւագ Քահանայ Ճիհանկիւլեանի։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի աշակերտուհիներէն Կապրիելլա Պաքըրճըօղլու վերջերս մասնակցութիւն բերաւ Քապաթաշի լիսէին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ գրող Էօմէր Սէյֆետտինի յիշատակին ձօնուած գրական մրցոյթի մը։ Իր տեսակին մէջ 7-րդ այս մրցոյթին ան պատրաստուած էր վարժարանի թրքերէնի ուսուցչուհի Զիւպէյտէ Տիզտարի հսկողութեան ներքեւ։
Գալֆաեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ նախընթաց օր կազմակերպուեցաւ մարմնամարզի միջվարժարանային աւանդական մրցոյթը, որ տեղի ունեցաւ Աթագիւղի մէջ։ Այս տարի 15-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային սոյն մրցաշարքը։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութիւնը երէկ կազմակերպեց կանանց ճաշկերոյթ մը։ Ֆլորիայի «Տեւելի» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս կանանց հաւաքը՝ ի նպաստ վարժարանին։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրասիրեց Օհրիտի Սեն Քլեմենթ Աստուածաբանական համալսարանէն խումբ մը աշակերտներ՝ գլխաւորութեամբ Փրոֆ. Մոմչիլօ Փաւլովիչի։
Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի արտօնութեամբ, Լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ընկերակցութեամբ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեանի եւ Յովսէփ Ուր. Դպիր Գույումճեանի, հովուական այցելութիւն մը տուաւ Սվասի հայ համայնքին։