ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՀՐԱԺԵՇՏ…
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւններէն անմիջապէս վերջ պիտի մեկնի Քէօլն:
Նորին սրբազնութիւնը վերջնականօրէն պիտի փոխանցէ գերմանահայոց թեմակալ առաջնորդի առաքելութիւնը:
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւններէն անմիջապէս վերջ պիտի մեկնի Քէօլն:
Նորին սրբազնութիւնը վերջնականօրէն պիտի փոխանցէ գերմանահայոց թեմակալ առաջնորդի առաքելութիւնը:
Գարակէօզեան Տան «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցի երդիքին տակ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք մը։ Այս աշխատանոցի ծրագրերուն մասնակից բազմատասնեակ փոքրիկներ եւ չափահասներ միասնաբար ողջունեցին Նոր տարին։
Երէկ, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան արարողութիւնները, որոնց նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ամանորի շրջանին ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան առթիւ Գատըգիւղի ընտանիքը հրճուանքի մէջ էր։ Ստեղծուած եռուզեռը վառ դրսեւորումներ ունեցաւ մանաւանդ դպրոցի երդիքին տակ։
Գալֆաեան Տան ընտանիքը ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորեց Ամանորը։ Վարժարանի երդիքին տակ կազմակերպուած Նոր տարուայ հանդէսին ժամանակ բոլոր դասարաններու աշակերտները հանդէս եկան թատերակներով, արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով։
Կը տեղեկանանք, որ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբը կը պատրաստուի մեկնիլ Երուսաղէմ։ Յառաջիկայ ամսուան կէսին տեղի պիտի ունենայ այս այցելութիւնը։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը նոր տարին կը դիմաւորէ աւանդական խանդավառութեամբ։ Երէկ, տեղի ունեցաւ երկու ձեռնարկներ, որոնք խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ համախմբեցին թաղեցիները։
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի գրասենեակի երդիքին տակ յառաջիկայ 15 Յունուարին տեղի պիտի ունենայ հերթի փոփոխութեան արարողութիւն մը։
Գումգաբուի աղբիւրները պաշտօնապէս արձագանգեցին Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի Երեւանի մէջ սարքած վերջին մամլոյ ասուլիսի յայտարարութիւններուն:
Պատրիարքարանը կ՚ազդարարէ՝ որպէսզի մէկ կողմ թողուին հակաճառութիւնները:
«Եկեղեցական համագումար ժողովը ստիպուած էր զինքը պաշտօնանկ հռչակել, ինչ որ ծայր աստիճան տխրառիթ պարագայ մըն է։ Որպէս ընդհանուր փոխանորդ պաշտօնավարութեան շրջանին ինչո՞ւ ջանք չէ վատնած ընտրութիւն կատարելու եւ արդիւնքի մը հասնելու համար։ Ան պէտք է հեռու մնայ ամուլ քաշքշուքներէ, իր կրած հանգամանքին յարիր ընթացք մը որդեգրէ»:
«Ոմանք» երաժշտական խումբը երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։ Ներկայիս այս խումբը երաժշտասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Բանալիք» անուանեալ ալպոմ մը եւ երէկուան համերգը հետամուտ էր այդ ալպոմի ծանօթացման նպատակին։