Թրքահայ կեանք

«ՓՈՔՐԻԿ» ԿԱՅՔԷՋԻ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ՝ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան եր­դի­քին տակ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­զա­կի հա­ւա­քոյթ մը։ Այս­պէս, հաս­տա­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 100-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին խնա­մա­կա­լու­թեան եւ ա­նոր ա­տե­նա­պե­տին՝ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կի­լի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ ծնունդ ա­ռած ծրագ­րի մը ա­ռա­ջին պտուղ­նե­րը ներ­կա­յա­ցուե­ցան դպրո­ցի ա­շա­կեր­տու­թեան։

ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՐԵՒԱԳԱԼ

Պէ­շիկ­թա­շի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ Ա­րե­ւա­գա­լի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ տուաւ նաեւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Զա­նա­զան թա­ղե­րէ փու­թա­ցած հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու խուռ­նե­րամ բազ­մու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն ներ­կայ էին նաեւ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Սար­գիս Ա. Քհնյ. Գու­յում­ճեան եւ Ար­ման Սրկ. Մա­րաշ­լեան։

ԿԱԹՈՒԱԾԱՀԱՐ ՎԻՃԱԿ

Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ծագած տագնապը կ՚ուղղորդուի ծով հարցականներով, որոնք կը խորացնեն անորոշութիւնը եւ խոր մտահոգութիւնը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի համոզմամբ, պէտք է խուսափիլ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը տեղական վէճերու ներքաշելէ: Ժամադրութեան համար միշտ սպասում:

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆԱՐՏԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի սա­նուց միու­թեան մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­գու­ցեալ Թա­դէոս Կիւն­թէ­րի ի յի­շա­տակ կազ­մա­կեր­պուած նար­տի մրցա­շար­քին ա­ւար­տա­կա­նը։ Այս տա­րի 23-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուած մրցա­շար­քը ըն­թաց­քի մէջ էր շուրջ մէ­կու­կէս ա­մի­սէ ի վեր։

ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԸ ՆՈՐ ՆՈՒԱՃՈՒՄ ՄԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄԷՋ

Շար­ժան­կա­րի հա­մա­կիր­նե­րու միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջերս «Շախ­մատ» Ճատ­րա­կի փոք­րե­րու լի­կի Պէ­յօղ­լուի խմբա­ւոր­ման մրցում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան՝ Շիշ­լի մար­զա­կում­բի մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Շիշ­լիի խում­բը մրցա­շար­քի այս փու­լի ար­դիւն­քին հան­դի­սա­ցաւ ա­խո­յեան։

ՓԱԿՈՒՂԻԷ ԴԷՊԻ ԱՆԴՈ՞ՒՆԴ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքարանի շուրջ ստեղծուած տագնապը իւրաքանչիւր քայլափոխին աւելի կը խորանայ՝ մտահոգութիւն պատճառելով համայնքի շրջանակներուն:
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին ուշագրաւ նամակ մը ուղարկելով՝ խնդրեց իր միջամտութիւնը:

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի 8-րդ դա­սա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ։ Հա­յե­րէ­նի փոր­ձա­ռու ու նուի­րեալ ու­սուց­չու­հի Հե­րա Իս­քեն­տէ­րօղ­լուի ու­ղեկ­ցու­թեամբ ա­նոնք այ­ցե­լե­ցին խմբագ­րա­տունս։

ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ֆութ­սա­լի մրցա­շար­քը ե­րէկ հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ Հան­գու­ցեալ Տիգ­րան Սար­կա­ւա­գեան-Ար­զուեա­նի յի­շա­տա­կին կազ­մա­կեր­պուած այս եր­րորդ մրցա­շար­քը տե­ւեց 16 շա­բաթ։

ՅԱՅՏՆԻ ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻ ԱՆԻ ԻՓԵՔՔԱՅԱ ԶՐՈՒՑԵՑ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Յայտ­նի դե­րա­սա­նու­հի Ա­նի Ի­փեք­քա­յա նա­խըն­թաց օր զրոյ­ցի մը մաս­նակ­ցե­ցաւ Գալ­ֆաեան Տան սա­նե­րուն հետ։ Ան վար­ժա­րան այ­ցե­լեց ըն­դա­ռա­ջե­լով տնօ­րէ­նու­թեան հրա­ւէ­րին։ Իր ներ­կա­յու­թիւ­նը մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծեց դպրո­ցէն ներս։

Էջեր