ՏԱՏԵԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՕՐԸ
Պաքըրգիւղի ընտանիքը խանդավառ շաբաթավերջ մը ապրեցաւ թաղի Տատեան վարժարանի երէկուան շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Այսպէս, երէկ յետմիջօրէին Տատեան վարժարանի պարտէզին մէջ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Շրջանաւարտից օրուան ներկայ գտնուեցան թաղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան, Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտէմիր եւ իր ընկերները, Տատեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արսէն Արշըք, տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, կրթական մշակներ եւ յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ։
Մխիթարեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մարզական խրախճանքը վերջին օրերուն առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Երկար տարիներէ ի վեր կը կազմակերպուի այս խրախճանքը, հետեւաբար ունի խոր աւանդութիւններ ու ձեւաւոր-ւած նախընթացներ։