ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆՑԻ ՍԱՆԵՐ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՊԻԷՆԱԼԻՆ
Գարակէօզեան վարժարանէն խումբ մը սաներ երէկ մեկնեցան Իտալիա՝ մասնակցելու համար Վենետիկի պիէնալին, որ այս տարի կը կազմակերպուի 56-րդ անգամ։ Վարժարանի փոխ-տնօրէնուհի Նարօտ Քուրուղօղլուի ուղեկցութեամբ, Վենետիկ մեկնեցան՝ Առէն Տէմիրճի, Ապայ Թէքքոլ, Հելին Մենթեշէ եւ Քարլա Տէմիրճի։
Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ գաւառի մեր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Զատկի առթիւ տեղի ունեցած տօնակատարութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։
