ՇԻՐԱԿԻ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՊՍԿ. ԱՋԱՊԱՀԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Շաբաթավերջի տխուր իրադարձութիւններու լոյսին տակ՝ Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեան հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ։
Շուրջ երկու տասնամեակ Շիրակի թեմի առաջնորդի հայրական խնամքը պէտք եղածէն աւելի վայելած քանի մը անձեր՝ Արմէն (Կորիւն) Առաքելեան, Կարէն Պետրոսեան, Ղարիպ Յարութիւնեան, Հայկարամ Դրմէեան, քառասուն օր առաջ կամաւորապէս դուրս եկան Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ գաւիթէն եւ այդպէս ալ չվերադարձան՝ հակառակ մեր անթիւ յորդորներուն եւ խրատներուն։
Պէյրութի Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանէն տասնմէկ երիտասարդ արուեստագէտներու՝ Լուսինէ Աբրահամեանի, Ժորա Գասպարեանի, Գայ Ղազանչեանի, Հայկ Ղազարեանի, Ռաֆայէլ Մանուկեանի, Ռոմէօ Մելիքեանի, Սիլվա Մկրտչեանի, Արմինէ Յարութիւնեանի, Արա Շահումեանի, Պետօ Պօղոսեանի եւ Յակոբ Վարդանեանի գեղանկարներու եւ քանդակներու ցուցահանդէսի բացումը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Համայն Թուրքիոյ ուշադրութիւնը այս շաբաթավերջին կեդրոնացած է 15 յուլիսի տարելիցին վրայ։ Թէեւ զինեալ յեղաշրջման փորձին վրայէն անցած է երկու տարի, սակայն այդ սարսափելի դէպքերուն յիշողութիւնը թարմ է բոլորի մտքին մէջ։ 15 յուլիս 2016 թուականին Թուրքիոյ յաղթահարած փորձառութիւնը անկիւնադարձ մը կը համարուի երկրի ժողովրդավարութեան պատմութեան տեսակէտէ։
Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կրակ բացին Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի Ճամբարակ քաղաքին վրայ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Մոսկուա։ Ան երէկ մեկնեցաւ Ռուսաստանի մայրաքաղաքը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն այս առաւօտ դարձեալ հասան մտահոգիչ լուրեր։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան անմիջապէս տեղեկութիւններ փոխանցեց այս մասին։ Վեհափառ Հայրապետի հրաժարականը պահանջող տխրահռչակ խմբակի իբրեւ թէ ցուցարարները այս առաւօտ կրկին փորձեցին խաթարել համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնի անդորրն ու աղօթական միջավայրը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւարտեց իր աշխատանքային այցելութիւնը դէպի Պրիւքսել, ուր վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ գործընկեր պետութիւններու ղեկավարներու գագաթաժողովը։
Ազգային մեծ ժողովին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նախագահի ընտրութիւն։ 27-րդ գումարման խորհրդարանը երեք փուլով քուէարկութիւն կատարեց ընտրելու համար իր ղեկավարը։ Քուէարկութեան երրորդ փուլի արդիւնքով խորհրդարանի նախագահ ընտրուեցաւ՝ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ։