ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Հնդկաստան։ Ան երէկ մեկնեցաւ Նոր Տելհի՝ Հնդկաստանի Վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հրաւէրով։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Հնդկաստան։ Ան երէկ մեկնեցաւ Նոր Տելհի՝ Հնդկաստանի Վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հրաւէրով։
Յօրինող, երաժշտական-հասարակական գործիչ, երաժշտութեան ուսուցիչ, խմբավար Ալեքսանդր Սպենդիարեանի ծննդեան օրը՝ Նոյեմբերի 1-ին, անոր գործունէութիւնը գնահատողներն ու ստեղծագործական ժառանգութեան երկրպագուները այցելեցին Սպենդիարեանի շիրիմը՝ յարգանքի տուրք մատուցելով յօրինողի յիշատակին։
Երէկ, Թեհրանի մէջ տեղի ունեցաւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի գագաթաժողովը։ Սոյն գագաթաժողովին մասնակից ղեկավարները առանձնազրոյցներ ալ ունեցան իրարու հետ։
Երկարատեւ ծանր հիւանդութենէ յետոյ կեանքի 81-րդ տարիին մահացած է Կ. Ստանիսլաւսկիի անուան ռուսական պետական տրամաթիքական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր տնօրէն Ալեքսանտր Գրիգորեան։
Հնդկական Sommelier գինիի ամսագիրը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ գինեգործութեան՝ դարերու խորքէն եկող աւանդոյթներուն եւ ներկայ միտումներուն։
Ամենայն սրբոց տօնին օրը Նիւ Եորքի մէջ արիւնալի դէպք մը պատահեցաւ. 8 զոհ եւ 15 վիրաւոր:
Մենհեթթընի պատահարէն վերջ Թրամփ յայտնեց, որ պիտի չարտօնեն՝ որպէսզի ԻՇԻՊ վերադառնայ ԱՄՆ:
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադառնալով՝ Ալիեւ դարձեալ կանգ առաւ տարածքային ամբողջականութեան վրայ:
Թուրքիա-Ատրպէյճան Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի հերթական ժողովը երէկ տեղի ունեցաւ Պաքուի մէջ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Փարիզ, ուր ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս կը մասնակցի կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովի 39-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն։
Գործարար ու հասարակական գործիչ Օսման Քավալա ձերբակալուեցաւ՝ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ ձեռնարկուած հարցաքննութեան ծիրին մէջ։ 19 Հոկտեմբերին ան առնուած էր հսկողութեան տակ։ Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութեան ահաբեկչութեան ու կազմակերպուած յանցագործութիւններու բաժանմունքը Քավալան հսկողութեան տակ առած էր ՖԵԹԷՕ-ի 17-25 Դեկտեմբերի դաւադրանքներուն եւ 15 Յուլիսի պետական հարուածի փորձին բերումով ձեռնարկուած հարցաքննութեան շրջագծով։
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր կ՚այցելէ Թեհրան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Իրանի ղեկավարութեան կողմէ։ Օր-ուան տեւողութեան Փութին կը տեսակցի Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ կրօնապետ Այէթուլլահ Խամանէյի հետ։