«ԳՈՆԷ ՔԱՐ ՄԸ ԿԸ ԴՆԵՍ ՔՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՊԱՏԻՆ ՎՐԱՅ»
Երեւանի եւ Ծաղկաձորի մէջ կազմակերպուած Սփիւռքի հայագիր եւ օտարագիր գրողներու համաժողովը եզրափակուեցաւ՝ առիթ հանդիսանալով աշխարհի զանազան երկիրներէ հայ գրողներու, թարգմանիչներու եւ գրականագէտներու Հայաստանի մէջ համախմբման։