ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՍ Ա. ՊԱՊԻՆ ՀԵՏ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան դէպի Վատիկան պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ տեսակցեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։
Մարտիրոս Սարեանի ապակիի վրայ նկարած «Ծաղիկներ» գործը, որ երկար տարիներ եղած է Մոսկուայի մէջ, առաջին անգամ ըլլալով մէկ շաբաթով կը ցուցադրուի Երեւանի մէջ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Վատիկան:
«ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի համար ցուցաբերուած աջակցութիւնը կը թունաւորէ Թուրքիա-ԱՄՆ գործընկերութիւնը»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեան դէպի Մոսկուա այցելութեան ծիրէն ներս այցելեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդարանը։
20-րդ դարու ամերիկեան գրականութեան հսկայ, ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի 110-ամեակի կապակցութեամբ Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Բարեւ Սարոյեան» ծրագիրը, որու սկիզբը կը սկսի այսօր, Աշոտ Նաւասարդեանի անուան թիւ 196 դպրոցին մէջ։
Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի միջոցներով, Երեւանի Ողիմպիական պետական մարզական քոլէճի Ծաղկաձորի մասնաճիւղի շէնքին վրայ պիտի կառուցուի նոր եւ ժամանակակից մարզահամալիր, տեղեկացուց Հայաստանի Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը:
Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի մօտ Մեքսիկայի եւ Հայաստանի հիւպատոսարաններուն, Փետրուար 2-9 թուականներուն միջեւ տեղի կ՚ունենան շարք մը ձեռնարկներ, շրջանի հայ եւ մեքսիկացի համայնքներուն միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու նպատակով։