ԿՈՉ ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ
Մեր հաստատութիւններու յարգարժան ղեկավարներ եւ մերազն համայնքի սիրեցեալ անդամներ,
Պատրիարքարանի նորաստեղծ Խորհրդակցական մարմինը մեր համայնքային կեանքը ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկած է իր անդրանիկ նիստին ժամանակ ու միաձայնութեամբ յարմար դատած՝ հետեւեալ պարագաները յանձնել հանրային կարծիքի ուշադրութեան.
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի երէկուան ժողովը տեւեց մօտաւորապէս չորսուկէս ժամ:
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հիմնական խոչընդոտը Ատրպէյճանի ծայրայեղական, թշնամական եւ ապակառուցողական դիրքորոշումն է։
Սի Ծինփին եւ Քիմ Եոնկ Ուն վերջին օրերուն շատ կարեւոր հանդիպումներ ունեցան՝ համայն աշխարհի անմիջական ուշադրութեան ներքեւ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր երեկոյեան մասնակցեցաւ Յունաստանի ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։
Լիւքսեմպուրկի Արտաքին ու Եւրոպայի գործոց նախարար Ժան Ասելպոռն երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հիւր նախարարը օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներս, Շիքակոյի մէջ հաստատուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսութիւն մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հիւպատոսարանի իրաւասութեան դաշտը կ՚ընդգրկէ Իլինոյ, Միսուրի, Այովա, Վիզքոնսին եւ Մինեսոթա նահանգները։
«Մոտերն թոլքինկ» նշանաւոր երաժշտական խումբը երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։