ՀԲԸՄ-Ի ԵՐԵՒԱՆԻ «ՎԱՀԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆԻ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ՝ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԵՒ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի «Վահէ Կարապետեան» կեդրոնի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք մը։ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս խրախճանքը ուղղուած էր Հայաստան հաստատուած սուրիահայ ընտանիքներու զաւակներուն։
Հայկական ժապաւէններու աւանդոյթներով ժառանգութիւնը անմահացնելու ուղղեալ նախաձեռնութիւն մը:
Տեսալսողական միջոցներէ եւ մամլոյ հրատարակութիւններէ տեղեկացանք, թէ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան 21 Դեկտեմբեր 2017-ին Հայաստանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպելով արտայայտուած է Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարքի ընտրութեան առընչութեամբ։ Այսպէսով յայտնի դարձած է, որ ճշմարտութիւնները խեղաթիւրելու, գործընթացին հետ մօտէն չշահագրգռուող անձերը խաբելու միտող իր նախաձեռնութիւնները, որոնց յաճախ ականատես կ՚ըլլանք Թուրքիոյ մէջ, կը շարունակուին անցելով երկրի սահմանները։
Հայաստանի Արմաւիրի մարզէն ներս արեւային վահանակներով ելեկտրական արտադրութեան կայան մը:
Վրաստանի վարչապետը մօտաւոր ապագային պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան:
Հայաստան-Վրաստան կապերը կը կառուցուին ժամանակի ոգիին եւ հարուստ ժառանգութեան համահունչ:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ վաղը պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն ներս Երուսաղէմի ճգնաժամին վերաբերեալ տեղի ունեցած քուէարկութեան կը յաջորդէ այս այցելութիւնը, որուն քաղաքական մեկնաբանները կը վերագրեն նուրբ նշանակութիւն։