ՀԱԼԷՊԻ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՀԱՏԵՒԱՆՔՈՎ 4 ՀԱՅ ԶՈՀՈՒԵՑԱՒ
«Եռագոյն» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
Վերջին ժամերուն Նոր Գիւղի մէջ աւելի քան երեսուն հրթիռներ ինկած են։
«Եռագոյն» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
Վերջին ժամերուն Նոր Գիւղի մէջ աւելի քան երեսուն հրթիռներ ինկած են։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի պարագային The Washington Post կը մատնանշէ համատեղ գոյակցութեան ցանկութեան բացակայութիւնը:
Ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք կրկնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները կրնան տեսակցիլ ներկայ ամսուան ընթացքին:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին զուգահեռ՝ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու փոփոխութիւններու պարագային նորանշանակ դէմքերը իրենց առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնը կ՚իրականացնեն դէպի Ատրպէյճան։
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի գործադիր մարմինը երէկ գումարեց ժողով մը։ Համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նիստը, որու ընթացքին որոշուեցաւ Համահայկական եօթներորդ ամառնային խաղերը կազմակերպել Արցախի մէջ։
Իսթանպուլահայ երէց սերունդի մտաւորականներէն Արամ Գամպուրեան ներկայիս մեր գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է աշխարհահռչակ Սէրվանդէսի «Պրունօ Ֆրանք» գործին հայերէն թարգմանութիւնը։ Սէրվանդէսի մահուան 400-րդ տարելիցի շրջանին զուգադիպած է այս գործին հրատարակութիւնը։ Արամ Գամպուրեան գերմաներէնէ հայերէնի թարգմանած է Սէրվանդէսի գործը եւ այս աշխատութիւնը ձօնած է՝ Մխիթարեան վարժարանի իր գերմաներէնի ուսուցչին՝ հոգելոյս Հայր Հմայեակ Ծ. Վրդ. Համբարեանի յիշատակին։
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը պատրաստուի այցելել Պերլին։ Յաջորդ շաբթուան սկիզբին՝ Յունիսի 7-ին պիտի իրականանայ իր այս ուղեւորութիւնը։ Իլհամ Ալիեւ Պերլինի մէջ պիտի տեսակցի Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի եւ այդ երկրի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքերու հետ։
Պունտեստակի վաղուան քուէարկութեան ընդառաջ Անգարայի կողմէ կը հնչեն Պերլինի ուղղեալ աչալրջութեան իրերայաջորդ կոչեր:
Էրտողանի Եւ Մերքէլի միջեւ հեռախօսազրոյց:
Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւններուն մէջ արտասովոր կացութիւն մը ստեղծուած է հայկական հարցին բերումով: Թրքական կողմը կու տայ հաւանական պատժամիջոցներու ազդանշանը: Գերմանական կողմին համոզմամբ, նախագիծը որեւէ ազդեցութիւն չի գործեր իր մօտ ապրող փոքրամասնական հաւաքականութեան վրայ:
«Հայաստան հետեւողականօրէն պիտի աշխատի Վիեննայի պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղութեամբ»:
Ըստ Սարգսեանի, Երեւան չի կրնար անտարբեր մնալ Արցախի դէմ Պաքուի յարձակումներու պարագային եւ համաձայն է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:
Չեխիոյ Նախագահ Միլոշ Զեման կը պատրաստուի պաշտօնական այցելութիւն մը տալ Երեւան՝ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 8-10 Յունիս թուականներուն Միլոշ Զեման նախ պիտի այցելէ Մակեդոնիա, ապա Հայաստան։