ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻՆԵՐՈՒ ԱՆՅՈՒՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻ ԹԵԼ ԱՒԻՒԻ ՄԷՋ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող Չորեքշաբթի երեկոյեան մինչ Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու իր գլխաւորած կառավարութեան Մոսկուա տուած այցին «պտուղները» պիտի ներկայացնէր, անդին երկու պաղեստինցիներ Թել Աւիւի Շըրոնա շրջանին մէջ ահաբեկչական արարք մը կը գործէին: Անոնք իսրայէլացի քաղաքացիներու հագուկապով կը մտնէին առեւտրական կեդրոնի մէջ եղող ճաշարան մը եւ ուտելիք պատուիրելէ ետք կրակ կը բանային այնտեղ եղողներուն ուղղութեամբ:
Հալէպի մէջ դաւադիր հրասանդի մը պայթիւնին հետեւանքով, ծառայութեան պատնէշի վրայ նահատակուեցաւ Ռաֆֆի Պըչաքճեան։ Այս մասին կը յայտնէ «Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան։
ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներուն ժողովը:
Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը կը դժուարանայ յաղթահարել իր շարքերէն ներս պառակտումը:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Երեւանի Պետական համալսարանի համագործակցութեամբ՝ Յուլիսի 3-30 թուականներուն միջեւ Հայաստանի մէջ «Սփիւռք ամառնային դպրոց 2016» ծրագրին ծիրէն ներս, տեղի պիտի ունենայ մայրենի լեզուի (արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն) արագացուած դասընթացքներ։
Աշխարհի ֆութպոլասէր հասարակութեան հայեացքները այսօր պիտի ուղղուին Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզ, ուր տեղի պիտի ունենայ «Եուրօ-2016»ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյենութեան մրցաշարքին պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որուն պիտի յաջորդէ Ֆրանսա-Ռումանիա բացման մրցումը (Ա. խմբակ):
Պունտեսթակի որոշման դէմ փաստաբան Ռամազան Աքպաշ դիմեց Գերմանիոյ Սահմանադրական ատեանին:Նոյն նախաձեռնութիւնը ներկայացուած է նաեւ ԵՄԻԱ-ին:
Էսկիշէհիրի «Անատոլու» համալսարանի եւ Պաշտօնական արդիւնաբերութեան ընդհանուր վարչութեան միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ փաստաթուղթ մը, որով կը նախատեսուի այս բնագաւառին համար հասցնել նոր հետազօտող մը։ Սոյն ծրագրին վերաբերեալ փաստաթուղթը ստորագրեցին համալսարանի վերատեսուչը՝ Փրոֆ. Նաճի Կիւնտողան եւ յիշեալ ընդհանուր վարչութեան պետի տեղակալ Ճելալ Սամի Թիւֆեքճի։