ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱՃԱՌԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ԵՐՐՈՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖՈՐՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
«Կարէն Տէմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ վերատեսուչ ակադեմիկոս Անաթոլի Թորքունով պարգեւատրեց Նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
Նոյն շրջագծով կազմակերպուեցաւ նաեւ ցուցահանդէս մը, որ ձօնուած էր Արեւելեան լեզուներու «Լազարեան» ճեմարանի հիմնադրութեան 200-ամեայ յոբելեանին: Շուրջ յիսուն երկիրներէ երեք հարիւր մասնակիցներ քննարկեցին տարածքաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով հրատապ հարցեր: