ՏՈՒՐՍՈՒՆ ՉԻՉԷՔԻ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Զինեալ ուժերու նախկին գնդապետ Տուրսուն Չիչէք, որ ներկայիս դարձած է ՃՀՓ-ի երեսփոխան, խոստովանեցաւ, որ բանակը 2000-ականներու սկիզբէն համացանցային յատուկ կայքեր հաստատած էր՝ նպատակ ունենալով վարկաբեկել ԱՔ կուսակցութիւնը եւ անոր կողմէ հիմնուած կառավարութիւնները, ինչպէս նաեւ հայերը, քիւրտերն ու Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի շարժումը։
«Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալները ականապատած են Սուրիոյ տարածքին գտնուող Փալմիրա հնագոյն քաղաքին աւերակները։ Ըստ հասած լուրերու, ականներ տեղադրուած են հնագոյն յուշարձաններու, ինչպէս նաեւ հռոմէական ամփիթատրոնին շուրջ։
Ֆոթոլրագրող Արա Կիւլէրի լուսանկարներով ճոխացած կենսագրական հատորը վերջերս լոյս տեսաւ «Ֆոթոկրաֆէվի» հրատարակչատունէն՝ «Աչք մը, մեքենայ մը եւ իրականութիւն» խորագրով։