ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան վերջերս հիւրընկալեց Սէն Փեթերսպուրկի նահանգապետ Կէորկի Փոլթաւչենքոն։ Մարգարեան եւ Փոլթաւչենքօ քննարկեցին երկու քաղաքներու համագործակցութեան հեռանկարները։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ ստորագրեցին համաձայնագիր մը, որ կը նախատեսէ Երեւանի եւ Սէն Փեթերսպուրկի համագործակցութեան հեռանկարներուն ընդլայնումը։


CIA-ի նախկին նախագահը պիտի աշխատի Թուրքիոյ շահերը պաշտպանելու համար:
Հանրապետութեան 7-րդ նախագահ Քէնան Էվրէն շաբաթավերջին կնքեց իր մահկանացուն՝ 98 տարեկան հասակին։ Երեք տարիէ ի վեր Անգարայի մէջ, «Կիւլհանէ» զինուորական բժշկական ակադեմիոյ մօտ դարմանման տակ էր Քէնան Էվրէն, որու առողջական վիճակը շաբաթավերջին վատթարացաւ անշրջադարձելիօրէն եւ ան հրաժեշտ առաւ կեանքէն:
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Նէճտէտ Էօզէլ շաբաթավերջին արձակուրդի մեկնեցաւ՝ ենթարկուած ըլլալով վիրահատութեան։ «Անատոլու» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ ան տասնհինգ օրուան համար մեկնած է արձակուրդի։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ դէպի Ուաշինկթըն կատարուած այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին: Սերժ Սարգսեանի հարցազրոյցը «The Washington Post» հեղինակաւոր ամերիկեան թերթին. «ԱՄՆ պէտք է արժէքները վեր դասէ շահերէն»:
Ուաշինկթընի աշխատանքային շփումները աւարտելէ վերջ, նոյնպէս աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա մեկնած Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան գագաթաժողովին։ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ կազմակերպուած Եւրոասիոյ գերագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին ընթացքին ան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին անհրաժեշտ համարեց Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան հետ համագործակցութեան աշխարհագրութեան ընդլայնումը։