ՈՒԺԸ ԼՈՒԾՈՒՄ ՉԻ ԲԵՐԵՐ
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չի կրնար լուծուիլ ուժով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մհեր Գրիգորեան երէկ ելոյթ մը ունեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի առցանց նիստին ժամանակ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան նախընթաց օր Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Պաղեստինի Արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալքիի հետ։ Երկու նախարարները այնտեղ կը գտնուէին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ժողովներուն մասնակցելու համար։
Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ վեղարաւորներէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան այսօր ուշ գիշերին կը մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ ան թեզի մը պատրաստութիւններուն մէջ է եւ համապատասխան ուսումնասիրութիւններու, գիտական աշխատանքի համար կը ձեռնարկէ այս ուղեւորութեան։
Հայաստանի ընդդիմութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէ Գորիս-Կապան ճանապարհի կացութեան շուրջ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը՝ Փարիզի վերջին օրերու շփումներու լոյսին տակ։ Եռանախագահները՝ Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Խովաեւ (Ռուսաստան) եւ Պորիս Ռոքֆէյ (Ֆրանսա) վերջին օրերուն Փարիզի մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցած էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Այսօր, Իսթանպուլի մէջ տեղի կ՚ունենայ Թրքական խորհուրդի 8-րդ գագաթաժողովը։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ կը համախմբուին Թրքախօս երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի մասնակից պետութիւններու ղեկավարները։
Ազգային մեծ ժողովէն ներս Փայլանի նախաձեռնութիւնը՝ Ունեւորութեան տուրքի հաստատման տարելիցին:
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարը երէկ մէկտեղեց իր հայ եւ ատրպէյճանցի պաշտօնակիցները:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացի բարդութիւնները իրարու կը յաջորդեն։ Այս ամբողջին մէջ Հայաստանի Սիւնիքի մարզը բաւական խոցելի վիճակի մը մէջ կը գտնուի։
Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի սահմաններուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւններուն եւ խախտումներուն հետեւանքով լարուածութիւնը կը շարունակուի։ Այդ ամբողջին մաս կը կազմէ Սեւ լիճի տարածքը, ուր ամիսներէ ի վեր լարուածութիւնը կը շարունակուի Ատրպէյճանի զօրքերու ներխուժման հետեւանքով։