Լրահոս

ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ

Դամասկոսէն վերջին օրերուն հասած լուրերը զայրոյթ յառաջացուցած են Անգարայի մէջ։ Այսպէս, Սուրիոյ ժողովրդական խորհրդարանը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու մէջ նկրտումներ արտայայտուած են Հաթայ քաղաքին համար։

ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԱՀԱԶԱՆԳԻՆ Կ՚ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ ՆԱԵՒ ՄՈՆՐԷԱԼԻ «ՀՈՐԻԶՈՆ» ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԸ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ հնչեցուցած ահազանգը արձագանգ գտաւ նաեւ Մոնրէալի «Հորիզոն» շաբաթաթերթին մէջ։ Գանատահայ համայնքի այս կարեւոր լրատուամիջոցի վերջին համարի խմբագրականը կը կրէ այս առումով զօրակցութեան բնոյթ։

ՌԻԿԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ տեսակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Հայաստանեան լրատուամիջոցներու մօտ ալ արձագանգ գտած է այս իրադարձութիւնը, որու ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակին։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՆԻՍՏԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ, Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հեռանկարով ստեղծուած աշխատանքային խումբի հերթական ժողովն էր այս մէկը։

«ՓՈՔՐԻԿ»Ի ՀԵՔԻԱԹԱՀԱՒԱՔԸ

«Փոքրիկ» մանկապատանեկան կայքէջը ներկայիս ձեռնարկած է «հեքիաթահաւաք»ի մը։ Այս նոր ծրագրի կազմակերպումով «Փոքրիկ»ը կը ձգտի քաջալերել հեղինակները, խրախուսել նոր գրողները ու նպաստել հայ մանկական գրականութեան՝ արդի եւ ուրոյն ստեղծագործութիւններով։

ԶՕՐԱԿՑԻՆՔ ԺԱՄԱՆԱԿ-ԻՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագրաւած տագնապին արձագանգները կը շարունակուին զանազան հարթութիւններու վրայ։ Երեւանակեդրոն «Արեւելք» կայքէջն ալ վերջերս արձագանգեց թերթիս դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։ Այս կայքէջին գլուխը կը գտնուի մեր ընթերցողներուն թէ՛ շատ ծանօթ եւ թէ շատ սիրելի անուն մը՝ Սագօ Արեան։

ՍԻՊԻԼ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՊԷՅՐՈՒԹ

Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ մեր համակրելի մեներգչուհիներէն Սիպիլ տարեվերջին համերգով մը հանդէս պիտի գայ Պէյրութի մէջ։ Ան այս ուղեւորութեան պիտի ձեռնարկէ՝ Համազգայինի Լիբանանի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ։

ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ

Հայաստանի Ազգային արխիւն ու Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը կը նախատեսեն բազմաբովանդակ համագործակցութեան սկսիլ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցան արխիւի տնօրէն Գրիգոր Արշակեան եւ համալսարանի նախագահ վերապատուելի տքթ. Փոլ Հայտոսթեան, որոնք անդրադարձան համապատասխան նիւթերու։

ՄԵՂՐԻԻ ԾՐԱԳԻՐԸ՝ ՌՈՒՍ-ԹՐՔԱԿԱՆ

«Պատերազմի աւարտէն ի վեր տարի մը անցած է։ Այս ընթացքին Հայաստան անընդհատ կորսնցուցած է, Ռուսաստանն ալ կը կորսնցնէ, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը շահին»:
Արամ Սարգսեան. «Անգարայի ազդեցութիւնը օրէ օր կը մեծնայ տարածաշրջանին մէջ, Պաքուն ալ աշխարհով մէկ գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ ամենավատ ձեւով ներկայացնելով հայերը»:

Էջեր