ՃԵՒԱՏ ԶԱՐԻՖ ԱՅՍՕՐ ՇՓՈՒՄՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ այսօր կ՚այցելէ Անգարա, ուր կը հիւրընկալուի Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Ճեւատ Զարիֆ ներկայիս տարածքաշրջանային մեծ ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է եւ այդ շրջագայութիւնը կ՚եզրափակուի Թուրքիոյ փուլով։
Քոչարեան Հայաստանի առկայ պատկերը կը մեկնաբանէ առարկայականօրէն, իրատես մօտեցումով:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար. «Մեր կարմիր գիծն է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը»:
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել երկրի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներու կենսական իրաւունքներու ենթարկուած վտանգներուն դէմ։ Արման Թաթոյեան, որ վերջին օրերուն Սիւնիքի մարզը այցելելէ վերջ հրապարակած էր ծաւալուն տեղեկագիր մը, այժմ հանրային կարծիքի նկատառման զգայացունց տուեալներ յանձնած է՝ վերստին այցելած ըլլալով Գեղարքունիքի մարզը։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ սկսած երկխօսութեան ծիրէն ներս հնարաւորութեան պատուհան մը գոյութիւն ունի։ Ըստ իրեն, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած վերջին խորհրդակցական հանդիպումը անցած է դրական մթնոլորտով։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը շարունակէ զօրակցիլ լիբանանահայ վարժարաններուն։ Ըստ նախընթաց օր հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան, հիմնարկը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն կը նուիրէ 700 համակարգչային սարք։
Արցախի հայկական կրօնամշակութային ժառանգութեան պահպանման մարտահրաւէրը ներկայիս այժմէական դարձած է ամբողջ հայաշխարհէն ներս։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ բոլորը կը փորձեն իրենց նպաստը բերել այս կարեւոր պայքարին։
«Երեւան համոզուած չէ, թէ Արցախի դէմ Պաքուի բռնութեան հետեւանքները կրնան հիմք ստեղծել տեւական խաղաղութեան համար»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի առողջական վիճակին մէջ դրական միտում կը նկատուի։ Ան վերջերս դուրս եկած է իր դարմանուած հիւանդանոցէն եւ բուժումը կը շարունակուի տնային պայմաններու ներքեւ։
Նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի գործի գլուխ գալուն զուգահեռ, Ծերակոյտի հաւանութեամբ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նոր պետական քարտուղարը դարձաւ Էնթընի Պլինքըն։ Այս վերջինը Ճօ Պայտընի երկարամեայ խորհրդականն էր։