ՏԱԳՆԱՊԱԼԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Անգլիոյ վարչապետը երէկուան դրութեամբ մեծամասնութիւնը կորսնցուց խորհրդարանէն ներս:
Առանց համաձայնութեան BREXIT-ի համար Պորիս Ճանսընի յամառութիւնը անորոշ կացութիւն ստեղծած է Լոնտոնի քաղաքական բեմահարթակին վրայ: Վաղահաս ընտրութեան ձեռնարկելու համար ալ անհրաժեշտ է փոխըմբռնում մը:
Համակրելի մեներգչուհիին ընկերային յանձնառութիւնը փոխեց ընտանիքի մը կեանքը:
Դեսպաններու խորհրդաժողովի մասնակիցները Երեւանի մէջ տեսակցեցան Զարեհ Սինանեանի հետ:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսաստան կը ձգտի Պարսից ծոցի տարածքաշրջանը դարձնել ո՛չ թէ ճգնաժամեր արտադրող, այլեւ՝ վստահութեան ու կայունութեան տարածքաշրջան մը։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան Լոնտոնի «Արսենալ» ակումբէն անցաւ Հռոմի «Ռոմա»ն։ Հենրիխ Մխիթարեան, որ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետն է, վարձակալութեան կարգով տարուան մը համար միացաւ «Ռոմա»ին։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Տեղւոյն Ներսէսեան դպրաց դասու հիմնադրութեան 162-րդ եւ վերակազմութեան 37-րդ կրկնակ տարեդարձները երէկ հանդիսաւորապէս նշուեցան կղզիի բարձունքին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Էրտողան. «Եփրատի արեւելքի ահաբեկչական լծակները պիտի մաքրագործուին»: